Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Պաքուին` Վերջինիս Զինուժի Տեղաշարժերուն Առիթով

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Պաքուին` Վերջինիս Զինուժի Տեղաշարժերուն Առիթով

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը լրագրողներուն հետ աւանդական ճեպազրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է, որ Ուաշինկթըն մտահոգութիւն յայտնած է Պաքուին` ատրպէյճանական ռազմական վերջին տեղաշարժերուն առնչութեամբ: Պատասխանելով լրագրողի հարցին այս մասին` ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան առաջին փոխխօսնակ Վետանթ Փաթել յայտնած է.

«Պետական քարտուղարի տեղակալ Տոնֆրիտը զրուցած է (Ատրպէյճանի) արտաքին գործերու նախարար Պայրամովի հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած է ատրպէյճանական ռազմական տեղաշարժերուն առնչութեամբ: Ան ընդգծած է ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու, քանի որ պետական քարտուղարը նոյնպէս բազմիցս խօսած է այս առնչութեամբ. ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է այս խնդիրի լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ մենք պիտի շարունակենք նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քննարկումներուն, ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ գործընկերներուն հետ ու բազմակողմ կազմակերպութիւններու շրջանակին մէջ», ըսած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղաութեան ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment