Մարտ 21-ին` ժամը 12:20-ի սահմաններուն, ՀՀ ԶՈՒ զինուոր Մ.Գ.-ն, մարտական յենակէտ ինքնաշարժով սնունդ տեղափոխելու ատեն, վատ տեսանելիութեան եւ մառախուղի պայմաններու մէջ նախնական տուեալներով մոլորուած է ու ինքնաշարժով յայտնուած է ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ:
Անմիջապէս մեկնարկած են որոնողափրկարարական աշխատանքներ, քայլեր կը ձեռնարկուին զինուորին` ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին յայտնուիլը հաստատելու եւ զայն վերադարձնելու ուղղութեամբ: