Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան Ընդգծած Է ՀԱՊԿ-ի Յստակ Եւ Հասցէական Արձագանգին Անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի Նկատմամբ Ատրպէյճանի Կողմէ Իրականացուած Ռազմական Յարձակման Վերաբերեալ

Արարատ Միրզոյեան Ընդգծած Է ՀԱՊԿ-ի Յստակ Եւ Հասցէական Արձագանգին Անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի Նկատմամբ Ատրպէյճանի Կողմէ Իրականացուած Ռազմական Յարձակման Վերաբերեալ

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը:

Հանդիպման մեկնարկին նախարար Միրզոյեան շնորհաւորած է Իմանկալի Թասմակամպեթովը ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք եւ յաջողութիւններ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանին մէջ առկայ ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ:

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է ՀԱՊԿ անդամ-պետութիւն հանդիսացող Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յարձակման վերաբերեալ կազմակերպութեան յստակ եւ հասցէական արձագանգին անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին: Արտաքին գործերու նախարարը շեշտած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն եւ Ատրպէյճանի դէմ հրատապ միջոց կիրառելու վերաբերեալ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին կողմէ Փետրուար 22-ին կայացուած որոշման կատարման հրամայականը:

Հանդիպման ընթացքին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը ներկայացուցած է նախօրէին քաղաք Ջերմուկ կատարած այցելութենէն իր տպաւորութիւնները:

Արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է, որ ատրպէյճանական կողմը իր շարունակական սադրանքներով կը խոչընդոտէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն, իսկ Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը միտուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ լայնածաւալ ուժի կիրառման համար հող նախապատրաստելուն: Այս ծիրին մէջ կարեւորուած է ՀՀ դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կողմէ գործուն քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` Ատրպէյճանի կողմէ իր պարտաւորութիւնները կատարելու եւ ուժի կիրառման դրսեւորումները բացառելու ուղղութեամբ:

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալին ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» պանթէոն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւս ընդունած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment