Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շտապ Անհրաժեշտ Է ՄԱԿ-ի Կամ ԵԱՀԿ-ի Անկախ Առաքելութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ․ Ռասմուսեն

Շտապ Անհրաժեշտ Է ՄԱԿ-ի Կամ ԵԱՀԿ-ի Անկախ Առաքելութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ․ Ռասմուսեն

by MassisPost

ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն, որ վերջերս Հայաստան կը գտնուէր, Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է․

Հայաստանը թէ՛ աշխարհագրական, թէ՛ քաղաքական առումով խաչմերուկի վրայ կանգնած երկիր է:

2018 թուականէն ի վեր անոր ժողովրդավարութիւնը կարեւոր քայլեր կատարած է: ԵՄ-ն եւ ժողովրդավարական աշխարհը պէտք է աւելին ընեն այս զարգացման աջակցելու համար:

Ես Հայաստանի մէջ էի այս շաբաթ` ցոյց տալու իմ աջակցութիւնս այս ժողովրդավարական զարգացման, ինչպէս նաեւ բարձրացնելու Եւրոպայի հարեւանութեամբ ընթացող մարդասիրական ճգնաժամի մասին իրազեկուածութիւնը: Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը կապող Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակումը հսկայական դժուարութիւններ կ’առաջացնէ: Մեզի շտապ անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի անկախ առաքելութիւն` տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու համար: ԵՄ-ն պէտք է օգտագործէ իր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ` անոր հասնելու համար առանց յապաղելու:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment