ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի որդին` զօրավար Գրիգորի Խաչատուրովը, երկու ամսով պիտի կալանաւորուի:
Վերաքննիչ Դատարանը բաւարարած է դատախազին միջնորդութիւնը եւ մեղադրեալ Խաչատուրովի նկատմամբ կիրառած է կալանք խափանման միջոցը` երկու ամիս ժամկէտով: Տեղեկութիւնը յայտնեցին Դատախազութենէն:
Նախկին զինուորականը կը մեղադրուի պաշտօնէական դիրքի օգտագործմամբ յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած մեծ չափի անշարժ գոյքը օրինականացնելու` դրամի լուացման համար:
5 տարի երրորդ բանակային ջոկատի հրամանատարի պաշտօնը զբաղեցուցած Խաչատուրովի գործը կը վերաբերի ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանին առնչուող քրէական գործի դրուագներէն մէկուն:
Երբ Փետրուարի սկիզբը խորհրդարանը կը քննէր Օհանեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու միջնորդութիւնը, ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը յայտնեց, որ Արարատի մարզի Արմաշ համայնքի զօրամասի տարածքը 2009-ին վաճառուած է Գրիգորի Խաչատուրովին 4 միլիոն դրամով: