Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2022-Ին Հայաստան Տեղափոխուած Է Մօտ 110 Հազար Ռուս Քաղաքացի. Քերոբեան

2022-Ին Հայաստան Տեղափոխուած Է Մօտ 110 Հազար Ռուս Քաղաքացի. Քերոբեան

by MassisPost

Անցեալ տարի Հայաստան տեղափոխուած է մօտ 110 հազար Ռուսիոյ քաղաքացի, «Վետոմոսթի» թերթին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:

«2022 թուականի համար զուտ վերատեղաւորումը կը կազմէ մօտաւորապէս 108-110 հազար քաղաքացի, այսինքն` այդքան ռուսեր եկած են Հայաստան եւ մնացած են մշտական բնակութեան», թերթին ըսած է ան:

Հայաստանի Տնտեսութեան Նախարարութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է նաեւ, որ անցեալ տարի բացուած է մօտ 2,5 հազար իրաւաբանական անձ ռուս մասնակիցներով, եւս 4 հազար առեւտրային ընկերութիւն արձանագրած են անհատ ձեռնարկատէրերը: Տարեկան միջինը 500 առեւտրային ընկերութիւն կը բանան ռուսերը, նշած է ան` յաւելելով, որ ընկերութիւնները տարբեր մեծութեան են` մէկ մասը ունի 600-700 աշխատող, միւսները` մէկ մարդ:

«Ռուսերու հոսքի եւ ռուսական առեւտրային ընկերութեան Հայաստան տեղափոխման շնորհիւ մենք սկսանք շատ բարձր աճի կշռոյթներ ցոյց տալ», մանրամասնած է Քերոբեան` նշելով նաեւ ՀՆԱ-ի աճը:

Յունուարին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած էր, որ 2022 թուականին Ռուսիայէն մարդոց տեղափոխումը դրականօրէն ազդած է Հայաստանի տնտեսութեան վրայ, որուն հետեւանքով ՀՆԱ-ի ծրագրաւորուած աճը գրեթէ կրկնապատկուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment