Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիոյ Մէջ Նախընտրական Հարցումներու Արդիւնքներով Էրտողանին Պարտութիւն Կը Սպասուի

Թուրքիոյ Մէջ Նախընտրական Հարցումներու Արդիւնքներով Էրտողանին Պարտութիւն Կը Սպասուի

by MassisPost

Թրքական «ALF Araştırma» հետազօտական ընկերութիւնը Մարտ 6-7-ի  ժամանակահատուածին Թուրքիոյ մէջ գալիք համապետական ընտրութիւններուն առընչուող ընկերային հարցում իրականացուցած է: Հարցումին մասնակցած են շուրջ 770 հազար քաղաքացի 26 նահանգէ:

Հարցումներէն մէկուն` «ընտրութիւններուն մէջ, ուր երկու թեկնածու առաջադրուած է, որո՞ւն ձայն պիտի տաք», հարցումին մասնակիցներուն 55.1%-ը պատասխանած է Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (CHP-ԺՀԿ) նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլուին, իսկ 44.9%-ը  Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ)  նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի օգտին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment