Ժընեւի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպած է Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանի հետ:
Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարարները քննարկած են երկկողմ ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ բազմակողմ հարթակներու մէջ փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր: Երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագրուած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը:
Կարեւորուած է համատեղ ջանքերու ներդրումը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ` ներառեալ ուժամնիւթը, փոխադրութիւնը եւ ենթակառուցուածքները:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ:
Անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին` Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ առանց նախապայմաններու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը անյապաղ դադրեցնելու հրամայականը` համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն: Այս ծիրին մէջ ընդգծուած է նաեւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին կողմէ Ատրպէյճանի նկատմամբ հրատապ միջոցներու կիրառման վերաբերեալ Փետրուար 22-ին կայացուած որոշման իրականացումը:
Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած Է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ վերջին զարգացումները: