Home Uncategorized Արարատ Միրզոյեան Եւ Պաշշար Ասատ Քննարկած Են Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Արարատ Միրզոյեան Եւ Պաշշար Ասատ Քննարկած Են Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Միրզոյեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին զօրակցութիւնը յայտնած է Սուրիոյ

by MassisPost

Դամասկոսի մէջ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Փետրուար 23-ին ընդունած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Զրուցակիցները քննարկած են Սուրիոյ`աղէտէն տուժած շրջաններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու առկայ խնդիրները յաղթահարելուն ուղղուած աշխատանքները:

Հանդիպման օրակարգին վրայ էին նաեւ հայ-սուրիական երկկողմ յարաբերութիւններու հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է միջազգային հարթակներու մէջ փոխգործակցութեան:

Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը Սուրիոյ նախագահին ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակը:

Միրզոյեան հանդիպած է նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ֆայսալ Միքտատի հետ:

Արարատ Միրզոյեան ցաւակցութիւն յայտնած է գործընկերոջը եւ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին առիթով` յայտնելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին զօրակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը նշած է, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ուղարկուած փրկարար ջոկատները առաջիններէն էին Սուրիոյ մէջ` յաւելելով, որ Հայաստանէն մարդասիրական օգնութեան արդէն երեք խմբաքանակ ուղարկուած է աղէտէն տուժած շրջաններ:

Արտաքին գործերու նախարարները քննարկած են նաեւ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով հայ-սուրիական համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Կողմերը արձանագրած են, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները հիմնուած են հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու բազմադարեայ բարեկամութեան վրայ: Այս առումով ընդգծուած է, որ Սուրիոյ հայկական համայնքը իւրայատուկ կամուրջի դեր կը խաղայ երկու երկիրներուն միջեւ:

Հանդիպման օրակարգին վրայ էին նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները: Արարատ Միրզոյեան Ֆայսալ Միքտատին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին մանրամասնութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment