Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ ԱՄԷ-ի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Ռազմատեխնիկական Համագործակցութեան Հեռանկարները

Հայաստանի Եւ ԱՄԷ-ի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Ռազմատեխնիկական Համագործակցութեան Հեռանկարները

by MassisPost

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած աշխատանքային այցի ծիրին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը հանդիպած է ԱՄԷ պաշտպանութեան պետական նախարար Մոհամմատ Ահմատ ալ Պովարտիի հետ:

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեանը:

Քննարկուած են ՀՀ եւ ԱՄԷ միջեւ ռազմական եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան ներկայ ընթացքն ու զարգացման հեռանկարները:

Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը ԱՄԷ պաշտպանութեան պետական նախարարը հրաւիրած է Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment