Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Նախագահը Սուրիահայ Համայնքին Հետ Քննարկած Է Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժին Յառաջացուցած Դժուարութիւններու Յաղթահարման Ուղիները

ՀՀ Նախագահը Սուրիահայ Համայնքին Հետ Քննարկած Է Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժին Յառաջացուցած Դժուարութիւններու Յաղթահարման Ուղիները

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներ, որոնց հետ քննարկուած են վերջերս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքները եւ յառաջացած դժուարութիւններու յաղթահարման ուղիները, ինչպէս նաեւ համայնքին յուզող շարք մը խնդիրներ: Հանդիպման մասնակցած են Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանը, դեսպանութեան Սուրիահայ Համայնքի Յանձնաժողովի ատենապետ, բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանը, յանձնաժողովի այլ անդամներ, դեսպանատան աշխատակիցներ, գործարարներ:

Ոչ-պաշտօնական, անմիջական զրոյցի ընթացքին նախագահ Խաչատուրեան եւս մէկ անգամ իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին աղէտալի երկրաշարժին առիթով, որ հարիւրաւոր անմեղ զոհերու, վիրաւորներու եւ հսկայական աւերածութիւններու պատճառ դարձած է:

«Դժբախտութեան ժամանակ պարտաւոր ենք միմեանց օգնել: Մենք ամենօրեայ շփումների մէջ ենք Սիրիայի մեր գործընկերների հետ եւ մեր ունեցած հնարաւորութիւնների սահմաններում փորձում ենք մեղմել ձեր ցաւը:

Ուզում եմ մէկ անգամ եւս ցաւակցել Սիրիայի ժողովրդին: Ամենակարեւորն այն է, որ ձեր մէջ ուժը չպակասի, յոյսը չկորչի», ըսած է նախագահը:

Կը նշուի, որ սուրիահայերը բարձր գնահատած են այդ դժուարին օրերուն Հայաստանի կառավարութեան անփոխարինելի օգնութիւնը: Դեսպան Նորա Արիսեանը նշած է, որ Հայաստանը եւս մէկ անգամ ապացուցած է, որ Սուրիոյ լաւագոյն բարեկամներէն մէկն է եւ կանգնած է Սուրիոյ կողքին: Անոր խօսքով` նոյնիսկ Հայաստանի սովորական քաղաքացիները դիմած են իրենց` Սուրիոյ օգնութեան ձեռք մեկնելու ցանկութեամբ:

Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ Սուրիան մօտ ապագային կը կարենայ դժուարութիւնները յաղթահարել եւ ոտքի կանգնիլ, եւ շեշտած է իր պատրաստակամութիւնը հնարաւորինս աջակցիլ սուրիահայ համայնքի խնդիրներու յաղթահարման եւ լաւագոյն աւանդոյթներ ունեցող հայ-սուրիական բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment