Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Երբեք Չնմանիս Թշնամիիդ»

«Երբեք Չնմանիս Թշնամիիդ»

by MassisPost

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը աւերներ գործեց այդ երկու երկիրներուն մէջ: Աղէտին զոհ գացին տասնեակ հազարաւոր մարդիկ` տարեց, կին, երեխայ, որոնք մնացին փլատակներու տակ: Անոնց մէջ էին նաեւ մէկ տասնեակէ աւելի Հայեր` երկու երկիրներուն մէջ: Աշխարհի տարբեր կողմերէն օգնութեան հասան աղէտեալներուն ու երկիրներ իրենց տարակարծութիւնները պահ մը մէկդի դնելով փութացին կատարելու իրենց մարդասիրական պարտականութիւնը:

Հայաստանի վարչապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ղեկավարներուն հետ` պատրաստակամութիւն յայտնելով օգնութեան ձեռք մեկնելու երկրաշարժէն տուժողներուն: Այդ խօսակցութենէն ետք, Հայաստանի փրկարարական ջոկատները ուղեւորուեցան դէպի թուրքիա, իսկ կառավարութիւնը 100 թոն  մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց հայկական բեռնատարներով, որոնք 35 տարուայ մէջ առաջին անգամ ըլլալով հատեցին սահմանին վրայ գտնուող Մարգարայի կամուրջը` ուղղուելով դէպի Թուրքիա:

Կառավարութեան այս քայլը միանշանակ չ’ընդունուեցաւ Հայաստանի հանրային կարծիքին կողմէ: Ընկերային ցանցերուն վրայ ամենէն շատ տարածուած խօսքը դարձաւ` «Թուրքիա պայրաքտարներ կ’ուղարկէ մեր դէմ, իսկ մենք օգնութիւն»: Հասկնալի է հայութեան ցասումը. մեր ազգը ցեղասպանութեան ենթարկած ու մինչեւ օրս թշնամական կեցուածք որդեգրած երկրին օգնութիւն հասցնելու երեւոյթը դիւրին ըմբռնելի չէ շատերուն համար:

Միւս կողմէ սակայն, հարեւան երկրին մէջ տեղի ունեցած մարդկային աղէտին ի տես անտարբեր մնալը եւս յարիր չէ հայու նկարագրին: Մարդասիրական աջակցութիւնը պէտք է կարողանանք զանազանել քաղաքական դիրքորոշումներէն: Հայաստան իր այս քայլով ցոյց կու տայ թուրք ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեան, որ հակառակ Թուրքիոյ վարած հակահայ քաղաքականութեան Հայաստանը մարդասէր, բարի ու խաղաղասէր երկիր մըն է: Նման ազնիւ վերաբերմունք ցուցաբերելով խաբկանք չունինք որ, Թուրքիան պիտի փոխէ իր վարած քաղաքականութիւնը եւ կամ բանայ երկու երկիրներուն միջեւ փակ սահմանը: Պարզապէս պահի ազդեցութեան տակ ժամանակաւոր  երեւոյթ մըն է, որմէ ետք երկու երկիրներն ալ պիտի վերադառնան իրենց նախկին դիրքերուն` փորձելով բանակցութիւններու միջոցաւ կարգաւորել իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը:

Եթէ ժողովուրդի վերաբերմունքը մասամբ հասկնալի է, սակայն զարմանալի է ընդդիմութեան պահուածքը, որ դարձեալ կը փորձէ շահագործել տեղի ունեցող այս վերջին իրադարձութիւնները ու քաղաքականացնել  զանոնք: Նախ պէտք է յիշեցնել որ,  1999-ն, երբ տեղի ունեցաւ Իզմիրի երկրաշարժը, Հայաստանի այդ օրերուան կառավարութիւնը փրկարարական ջոկատ ուղարկեց Թուրքիա: ի՞նչ կը վերաբերի այն քննադատութեան, որ Թուրքիա կ՛ուղարկուի 100 թոն օգնութիւն, իսկ Արցախին ոչինչ, այս խօսքը իրականութենէն շատ հեռու է: Լաչինի միջանցքի փակումէն անմիջապէս յետոյ, Հայաստանի կառավարութիւնը 350  թոն պարենամթերք փորձեց հասցնել Արցախ, սակայն ճանապարհը փակ ըլլալով այդ օգնութիւնը երկու ամիսէ ի վեր կը գտնուի Գորիս: Նոյն է ճակատագիրը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ուղարկած օգնութեան: Տակաւին չենք խօսիր տարեկան աւելի քան 200 միլիոն տոլարի դրամական օգնութեան մասին, որ կառավարութիւնը կը յատկացնէ Արցախին:

Ամէն հարցի մէջ Արցախի անունը շահագործելու մէջ մասնագիտացած ընդդիմադրութիւնը լաւ կ՛ըլլար որ, իր մեծահարուստ կողմնակիցներէն նուիրատուութիւն հաւաքելով ի՛նք օգնութիւն հասցնէր Արցախի ժողովուրդին, այլապէս աւել լաւ է լուռ մնալ` քան խայտառակուիլ նման պարզունակ միտքեր արտայայտելով:

Այս օրերուն մեր լսած ամենէն իմաստուն խօսքը կը պատկանի Ֆրանսացի յայտնի գրող Վիքթոր Հուկոյին, որ ըսած է` «Երբեք չնմանիս թշնամիիդ»: Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս փաստեց որ, ինք աւելի վեհանձն է քան իր թշնամիները եւ գիտէ ճիշդ ձեւով կատարել իր մարդասիրականը պարտաւորութիւնները` նոյնիսկ իր թշնամիներուն նկատմամբ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment