Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ անոր յաղթահարման ուղղուած քայլերուն:
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան հերթական խախտման փաստը եւ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու լիարժէք իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւորութիւններուն ու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերող հարցեր: