Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Եւրոտեսիլ 2023»-ին Հայաստանի Պատուիրակն Է Պրիւնեթը

«Եւրոտեսիլ 2023»-ին Հայաստանի Պատուիրակն Է Պրիւնեթը

by MassisPost

Հայաստանը այս տարի «Եւրոտեսիլ»ին ընթացքին պիտի ներկայացնէ երգչուհի Պրիւնեթը: Որոշումը կայացուած է Հանրային հեռուստաընկերութեան կատարած ներքին ընտրութեան ճամբով:

Պրիւնեթը հանրութեանը յայտնի է քանի մը հիթային երգերով եւ կը պատրաստուի նոր շունչ բերելու եւրոտեսիլեան մեծ բեմ: «Ուրախ եմ ձեզ հետ կիսուել այս նորութեամբ: Ես պարզապէս երաժշտութիւն եմ ստեղծում, որով այս անգամ կիսուելու եմ եւրոպական լսարանի հետ», կը նշէ «Եւրոտեսիլ 2023»-ին Հայաստանի պատուիրակը:

Պրիւնեթ երգել սկսած է 4 տարեկանէն, իսկ կը ստեղծագործէ 15 տարեկանէն: Իր բոլոր երգերուն երաժշտութեան եւ բառերուն հեղինակը ինքն է: Պրիւնեթի «Գիշեր», «Smoke Break», «Բաց կապոյտ աչքերդ» երգերը կարճ ժամանակի մէջ հիթ դարձած են եւ միլիոնաւոր դիտումներ արձանագրած են «Youtube»ի մէջ:

Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Մովսիսեան կը կարեւորէ նման մրցոյթներու մէջ Հայաստանը ներկայացնելու հնարաւորութիւնը երիտասարդ եւ տաղանադաւոր արուեստագէտներուն վստահիլը. «Նախորդ տարի «Եւրոտեսիլ» նորայայտ արուեստագէտ ուղարկելու փորձն արդարացուեց. մինչեւ այժմ մրցութային երգը շարունակում է մեծ յաջողութիւններ գրանցել ու գերել միլիոնաւոր երկրպագուների սրտէր: Յոյսով եմ` այս տարի եւս կը զարմացնենք եւրոպացի հանդիսատեսին ինքնատիպ հայ արուեստագէտով»:

«Երեւանում «Մանկական Եւրոտեսիլ»ի կազմակերպումից մի քանի շաբաթ անց մենք արդէն սկսեցինք մայիսին կայանալիք մրցոյթի մեր պատուիրակին ընտրելու գործընթացը: Այս փուլում արդէն աշխատում ենք երգի եւ տեսահոլովակի վրայ, որը, վստահ եմ, շատ տպաւորիչ է լինելու», կ’ըսէ «Եւրոտեսիլ»ի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Ծերունեանը:

«Եւրոտեսիլ 2023» երգի մրցոյթը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Լիվըրփուլի մէջ. կիսաւարտականները պիտի կայանան Մայիսի 9-ին եւ 11-ին, իսկ աւարտական` Մայիսի 13-ին: Պրիւնեթ ելոյթ պիտի ունենայ երկրորդ կիսաւարտականի առաջին բաժնին մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment