Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին Ստեփանակերտ-Գորիս Ճանապարհով Անխոչընդոտ Շարժը Վերսկսելու Համար. ՌԴ ՊՆ

Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին Ստեփանակերտ-Գորիս Ճանապարհով Անխոչընդոտ Շարժը Վերսկսելու Համար. ՌԴ ՊՆ

by MassisPost

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներուն կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը:

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման պահպանման վերահսկողութիւն կ’իրականացուի:

Կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահներուն հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ` Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով (Լաչինի միջանցքով – խմբ.) փոխադրութեան անխոչընդոտ շարժը վերսկսելու վերաբերեալ:

«Իրականացուած է մարդասիրական բեռով մէկ շարասիւնի ուղեկցում Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով:

Պարեկութիւն իրականացուած է Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ երեք երթուղիներով:

Ստեփանակերտի մանկական վերականգնողական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է սնունդի տրամադրման մարդասիրական շարժում:

Ռուս խաղաղապահներուն անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment