ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին: Նախ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Եգիպտոսի առաջնորդներուն առանձնազրոյցը, այնուհետեւ բանակցութիւնները շարունակուած են ընդլայնուած կազմերով:
Ընդլայնուած կազմերով հանդիպման ընթացքին վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ կարեւոր զրոյց ունեցած են Եգիպտոսի նախագահին հետ ու քննարկած են երկկողմ ու տարածաշրջանային օրակարգի շատ հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը: Վարչապետը նաեւ ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան հերթական խախտման փաստը եւ շեշտած է անոր միջազգային հանրութեան ուշադրութեան ու համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:
«Եգիպտոսը մեզ համար վստահելի գործընկեր է նաեւ իսլամական աշխարհի հետ մեր յարաբերութիւններում եւ խօսակցութեան մէջ: Մեր այս յարաբերութիւնները, մեր այս ջերմութիւնն ի ցոյց է դնում նաեւ իսլամական աշխարհի եւ քաղաքակրթութեան նկատմամբ մեր վերաբերմունքը, մեր յարգանքը», նշած է Նիկոլ Փաշինեան:
Հայկական կողմը վերահաստատած է ԵԱՏՄ-ի եւ Եգիպտոսի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ Եգիպտոսին Հայաստանի աջակցութիւնը, ինչ որ լայն հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ երկկողմ առեւտրաշրջանառութիւնը խթանելու համար: