Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Իրաւարարութեան Ատեանը Մերժած Է Ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան Ներկայացուած` Շուրջ 331 Միլիոն Տոլար Բռնագանձելու Մասին Պահանջը

Իրաւարարութեան Ատեանը Մերժած Է Ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան Ներկայացուած` Շուրջ 331 Միլիոն Տոլար Բռնագանձելու Մասին Պահանջը

by MassisPost

Իրաւարարութեան Ատեանը մերժած է ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուած շուրջ 331 միլիոն տոլար բռնագանձելու մասին պահանջը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչը:

«2018 թուականի Օգոստոսի 3-ին Ներդրումային վէճերի կարգաւորման միջազգային կեդրոն (ICSID) մուտքագրուած «Ճ. Պորքովսքին եւ Ռասիա ՖԶԷ-ն ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան» թիւ ARB/18/28 իրաւարարական գործով Իրաւարարութեան Ատեանը Յունուար 20-ին կայացուցած է վճիռ` ամբողջութեամբ մերժելով Հայցուորներուն պահանջները եւ պարտաւորեցնելով վերջիններս Հայաստանի Հանրապետութեան փոխհատուցել ընդհանուր շուրջ 2,8 միլիոն տոլար` որպէս կրած իրաւաբանական վճարներու եւ այլ ծախսերու հատուցում:

Երկաթուղային ճանապարհի եւ արագընթաց մայրուղիի կառուցման առնչութեամբ ծագած սոյն իրաւարարական գործը յարուցուած էր «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ներդրումներու փոխադարձաբար խրախուսման եւ պաշտպանութեան մասին» պայմանագրի, ինչպէս նաեւ նշուած ընկերութեան եւ ՀՀ կառավարութեան միջեւ 2012 թուականին կնքուած մենաշնորհուած պայմանագրերու հիման վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իրաւարարական գործի ծիրին մէջ` հայցուորները կը պնդէին, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը խախտած է մենաշնորհուած պայմանագրերու, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ներդրումներու փոխադարձաբար խրախուսման եւ պաշտպանութեան մասին» պայմանագրի ներքոյ ստանձնած շարք մը պարտաւորութիւններ:

Հայցուորները կը պահանջէին Հայաստանէն բռնագանձել շուրջ 225 միլիոն տոլար, ինչպէս նաեւ 2015 թուականի Մարտ 18-էն մինչեւ իրաւարարական վճիռի կայացումը հաշուեգրուած տոկոսները` շուրջ 106 միլիոն տոլար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment