ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` կոչ ընելով անյապաղ բանալու Լաչինի միջանցքը:
Պետական Քարտուղարութեան Մամուլի Ծառայութեան փոխանցմամբ` Պլինքըն ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքին մէջ մարդասիրական ճգնաժամի վտանգը կը խաթարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հեռանկարները:
«Պետական քարտուղարը խրախուսած է նախագահ Ալիեւին կրկնապատկել ջանքերը Հայաստանի հետ երկկողմ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հեռախօսազրոյցին մասին իր թուիթըրեան էջով գրառում կատարած է Պլինքըն` նշելով. «ԱՄՆ յանձնառու է աջակցելու այդ ջանքերուն»:
Ատրպէյճանի նախագահը, իր հերթին, կրկնած է պաշտօնական Պաքուի դիրքորոշումը` հերքելով Լաչինի միջանցքին փակ ըլլալը: Իլհամ Ալիեւ, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, ներկայացուցած է, որ ռուս խաղաղապահներու եւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ինքնաշարժները այս ընթացքին այնտեղով անցած են:
Ալիեւ ընդգծած է, որ պէտք է դադրեցնել հանքավայրերու «անօրինական շահագործումը Ատրպէյճանի այն տարածքներուն մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները»: Միեւնոյն ժամանակ, ըստ անոր, այնտեղ պէտք է ապահովուին Ատրպէյճանի կողմէ մշտական վերահսկողութիւն եւ ստուգումներ: Բացի անկէ, Ալիեւ յաւելած է, որ «հայաստանեան ականները ապօրինի տեղափոխուած են Լաչինի ճանապարհով»:
Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ նշած է, որ Պաքուն հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որ պէտք է պարունակէ միայն երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորում` «հիմնուած միջազգային իրաւունքի կանոններու եւ սկզբունքներու եւ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հինգ սկզբունքներուն վրայ»:
Պլինքըն նաեւ Հայաստանի վարչապետին հետ հեռախօսազրոյց ունեցած էր քանի մը օր առաջ: Անկէ յետոյ ԱՄՆ պետական քարտուղարը թուիթըրեան գրառում կատարած էր, թէ Փաշինեանի հետ խօսած է Ատրպէյճանի հետ երկկողմ խաղաղ քննարկումները վերսկսելու քայլերուն մասին: