Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Քլաար Քննարկած Են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Փաշինեան Եւ Քլաար Քննարկած Են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Կարեւորուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին Եւրոպական Միութեան նոր քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ ընդունուած որոշումը, ինչ որ պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ անոր հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը օրէ օր աւելի կը ծանրանայ ու կը սրի, չեն գործեր դպրոցներն ու մանկապարտէզները, առողջապահական հիմնարկները ունին դեղորայքի խիստ պակաս եւ կանգնած են լրջագոյն խնդիրներու առջեւ: Բացի անկէ, Ատրպէյճանի կողմէ դադրեցուած է Լեռնային Ղարաբաղի կազամատակարարումը, առկայ է նաեւ ելեկտրականութեան մատակարարման խնդիր: Կարեւորելով ստեղծուած իրավիճակին միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգը` Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութեամբ ընդգծած է օրերս Եւրոպական Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւերու փաստը:

Թոյվօ Քլաարը մտահոգութիւն յայտնած է Լաչինի միջանցքի արգելափակման առնչութեամբ եւ ընդգծած է միջանցքի անխափան գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան նշած է, որ ԵՄ-ն շահագրգիռ է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովմամբ եւ պիտի շարունակէ նպաստել այդ խնդիրի լուծման:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Եւրոպական Միութեան նոր քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման գործընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող հաստատութենական բարեփոխումներուն ուղղութեամբ ՀՀ-ԵՄ համատեղ ծրագիրներու ընթացքին շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment