Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ներքին Հակասութիւններու Ժամանակը Չէ Այժմ

Ներքին Հակասութիւններու Ժամանակը Չէ Այժմ

by MassisPost

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ Արցախի մէջ ներքաղաքական ճգնաժամ չկայ ու կարելի չէ նման բան թոյլ տալ, քանի որ կայ յստակ գիտակցում, որ մեր հիմնական օրակարգը ծագած հրատապ խնդիրները յաղթահարելն է ու Արցախը այս իրավիճակէն դուրս բերելը: Հակառակ ասոր, Հայաստանեան լրատուամիջոցները ողողուած են Արցախի մէջ ներքին հակասութիւններու մասին տեղեկութիւններով, յատկապէս երբ պաշտօնանկ եղաւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիդալի Բալասանեանը, որ կը նկատուէր  ամենէն ազդեցիկ դէմքերէն մին եւ իր վրայ վերցուցած էր Ատրպէյճանի հետ որոշ շփումներ հաստատելու գործը` Ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ:

Բալասանեանի հեռացումէն ետք լուրեր տարածուեցան Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի մօտալուտ հրաժարականի մասին: Վարդանեան հերքեց այդ լուրերը, հակառակ որ, այդ մասին տեղեկութիւններ տարածողները եղան Հայաստանի մէջ իրեն մօտիկ լրատուամիջոցները:

Ռուսաստանաբնակ մեծահարուստ Ռուբէն վարդանեան մի քանի ամիս առաջ յայտարարեց որ« որոշած է հաստատուիլ Արցախ եւ նպաստել անոր զարգացման: Սակայն շատ չանցած ան նշանակուեցաւ պետական նախարարի պաշտօնին, որ համազօր է վարչապետի պաշտօնին: Այս նշանակումէն յետոյ բազմաթիւ վարկածներ տարածուեցան Վարդանեանի շուրջ: Ոմանց կարծիքով ան Մոսկուայի կողմէ յատուկ ուղարկուած է Ռուսաստանի շահերը պաշտպանելու համար: Մէկ այլ վարկածի համաձայն Վարդանեան Արցախ եկած է հոնկէ անցնելու համար Հայաստան եւ ստանձնելու վարչապետի պաշտօնը, մանաւանդ որ, ան սկսած էր հովանաւորել նորաստեղծ` Ապրելու Երկիր կուսակցութիւնը, որ վերջերս կայացած տեղական ընտրութիւններուն բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեց: Տեղեկութիւններ կան նաեւ որ« Վարդանեան կը պատրաստուի գնել յայտնի լրագրող Արա Աբրահամեանին պատկանող ՙԱռաւօտ՚ օրաթերթը:  Աբրահամեան հաստատեց որ, Վարդանեանի հետ կան խօսակցութիւններ թերթի վաճառքի շուրջ, սակայն տակաւին վերջնական որոշում չկայ:

Պետական նախարար նշանակուելէ ետք Վարդանեան իրենց պաշտօններէն հեռացուց նախկին գրեթէ բոլոր նախարարները առանց որ« պատրաստ ըլլայ նորեր նշանակելու անոնց տեղ:

Դեկտեմբեր 12-ին, երբ Ատրպէյճան փակելով Լաչինի միջանցքը շրջափակման մէջ առաւ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը, պետական նախարար Վարդանեան սկսաւ հանդէս գալ քաղաքական յայտարարութիւններով, որոնք մինչ այդ կ’իյնային նախագահի լիազօրութիւններուն մէջ: Ան Ստեփանակերտի մէջ հանրահաւաք կազմակերպելով հանդէս եկաւ որպէս գլխաւոր խօսող: Այսպիսով, այն տպաւորութիւնը յառաջացաւ, որ Արցախի քաղաքական համակարգէն ներս կը տիրէ երկիշխանութիւն:

Այս բոլոր իրադարձութիւններուն առջեւ Հայաստանի իշխանութիւնները հեռու մնացին Արցախի ներքին կեանքին միջամտելէ ու բաւարարուեցան նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելով Արցախի կառավարութեան: Իսկ Լաչինի միջանցքի փակումէն ետք Հայկական դիւանագիտութիւնը միջազգային ատեաններու մօտ լայն աշխատանք սկսաւ  տանիլ` ստիպելու համար Ատրպէյճանական կողմին` բանալու Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը:

Ինչ որ ալ ըլլան անձնական հակասութիւններուն տուն տուող պատճառները, այս վճռորոշ ժամանակաշրջանին, երբ թշնամին կը փորձէ հայաթափ ընել ամբողջ  Արցախը, խիստ հրամայական է ներքին միասնականութիւնը եւ համերաշխութիւնը:

Կ’ուզենք հաւատալ նախագահ Յարութիւնեանի խօսքերուն, որ Արցախի մէջ ներքին հակասութիւններ չկան եւ թէ բոլոր հարցերը լուծուած են:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment