Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազութիւնը Դատարանէն Կը Պահանջէ 25 Անձէ Բռնագանձել 324 Գոյք Եւ Աւելի Քան 57 Միլիառ Դրամ

Դատախազութիւնը Դատարանէն Կը Պահանջէ 25 Անձէ Բռնագանձել 324 Գոյք Եւ Աւելի Քան 57 Միլիառ Դրամ

by MassisPost

Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին օրէնքը ուժի մէջ մտած է 2020 թուականի Սեպտեմբեր 3-ին, սակայն մինչ օրս դատարանը որեւէ գործով վճիռ դեռ չէ կայացուցած, մինչդեռ առաջին հայցադիմումը դատարան ներկայացուած է աւելի քան մէկ տարի առաջ` 2021 թուականի Դեկտեմբերին, ԱԱԾ նախկին սպայ Սերոբ Յարութիւնեանի դէմ:

Civic.am-ի տեղեկութիւններով` դատական նիստերը շաբաթը 1 անգամ կը կայանան, հետեւաբար նման գործերով պէտք չէ 1-2 ամսուան մէջ դատարանի վճիռ ակնկալել, աւելին` քանի մը գործերով նոյնիսկ դատաւորներու փոփոխութիւն եղած է: Այս պահի դրութեամբ դատաքննութեան փուլին մէջ է 25 հայցադիմում, որոնք կ’առնչուին ոչ միայն նախկին ու ներկայ պաշտօնեաներուն, այլեւ անոնց հետ փոխկապակցուած անձերու:

Մեր տեղեկութիւններով` այս հայցադիմումներով Գլխաւոր Դատախազութիւնը դատարանէն կը պահանջէ պատասխանողներէն բռնագանձել 57 միլիառ 397 միլիոն դրամ, ինչպէս նաեւ 324 գոյք` 47 միլիառ դրամ ընդհանուր արժողութեամբ: Նշենք, որ այս թիւերուն մէջ հաշուարկուած չէ իրաւաբանական անձերու գոյքին արժէքը, որուն պարագային հնարաւոր է նշուած թիւը եռապատկուի:

Յիշեցնենք, որ պատասխանողներու շարքին են նաեւ Սահմանադրական Դատարանի ներկայիս դատաւոր Հրայր Թովմասեանն ու Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Սէյրան Օհանեանն ու իր կինը` Ռուզաննա Խաչատրեանը: Անոնք դատարանին մէջ պէտք է ապացուցեն, որ գոյքը կա՛մ չունի ապօրինի ծագում, կա՛մ իրենք այդ գոյքին հետ որեւէ առնչութիւն չունին:

Նշենք, որ Գլխաւոր Դատախազութիւնը 2020 թուականի Սեպտեմբերէն մինչեւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 30-ը ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ 356 ուսումնասիրութիւն նախաձեռնած է, որոնք կ’առնչուին թէ՛ ներկայիս, թէ՛ նախկին պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ անոնց հետ փոխկապակցուած անձերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment