Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կը Կարծեմ, Որ Լաչինի Միջանցքին Շուրջ Իրավիճակը Մօտ Ժամանակներս Պիտի Կարգաւորուի․ Սերկէյ Լաւրով

Կը Կարծեմ, Որ Լաչինի Միջանցքին Շուրջ Իրավիճակը Մօտ Ժամանակներս Պիտի Կարգաւորուի․ Սերկէյ Լաւրով

by MassisPost

Լաչինի միջանցքին շուրջ իրավիճակը մօտ ժամանակներս պիտի կարգաւորուի: Մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Ան նշած է, որ Յունուար 17-ին կապ հաստատած է Ատրպէճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ եւ յիշեցուցած, որ Լաչինի միջանցքը, 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ պայմանաւորուածութեան համաձայն, պէտք է ազատ ըլլայ բեռներու, քաղաքացիներու եւ փոխադրութեան միջոցներու անցման համար:

«Լաչինի միջանցքը պէտք է երկկողմանի բաց ըլլայ մարդոց, բեռներու համար: Առանձին որոշուած էր, որ ռազմական բեռներ այդ միջանցքով պէտք չէ անցնին: Ատրպէյճանցիները տուեալներ տրամադրած են այն մասին, որ հայկական կողմը ականներ տեղափոխած եւ ականապատած է Ատրպէյճանի հետ սահմանակից շրջանները եւ այլն. մեր զինուորականները անոնք կ’ուսումնասիրեն: Այնտեղ բազմաթիւ փոխադարձ մեղադրանքներ կան», ըսած է Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է, որ  Ռուսիան պարզ բան մը առաջարկած է. Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահները բոլոր հնարաւորութիւնները ունին ստուգելու միջանցքով անցնող բեռները` արգիլուած ապրանքներու տեղափոխումը կանխելու համար:

«Տառացիօրէն երէկ կամ նախորդ օրը հանդիպած են ռուս խաղաղապահները, ատրպէյճանցիները եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչները: Կը կարծեմ` հարցը (խմբ. միջանցքի բացումը) մօտակայ ժամանակներուն պիտի լուծուի», ըսած է Լաւրով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment