Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԻԵԴ-ը Մերժած Է Ատրպէյճանի Բոլոր Պահանջները Եւ Հրատապ Ծանուցում Ուղարկած Է ԵԽ Նախարարներու Կոմիտէին

ՄԻԵԴ-ը Մերժած Է Ատրպէյճանի Բոլոր Պահանջները Եւ Հրատապ Ծանուցում Ուղարկած Է ԵԽ Նախարարներու Կոմիտէին

by MassisPost

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը հրատապ ծանուցում ուղարկած է Եւրոպայի Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէին Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու մասին իր` 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի որոշման կատարումը Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկելու նպատակով: Այս մասին յայտնած են Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի գրասենեակէն:

Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի գրասենեակէն յիշեցուցած են, որ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 22-ին Ատրպէյճանը դիմած էր Եւրոպական Դատարան` պահանջելով վերացնել միջանկեալ միջոց կիրառելու որոշումը: Միաժամանակ Ատրպէյճանը պահանջած էր միջանկեալ միջոցներ կիրառել Հայաստանի դէմ, այն է` «ձեռնարկել իր իրաւասութենէն բխող բոլոր միջոցները ուղղուած ռուս խաղապահներու ժամանակաւոր տեղակայման վայրին մէջ գտնուող Ատրպէյճանի տարածքին մէջ բժշկական անյետաձգելի օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց համարժէք բուժման եւ խուսափիլ այս ուղղութեամբ որեւէ խոչընդոտ ստեղծելէ»:

Ի պատասխան Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչին գրասենեակը 2022 թուականի Դեկտեմբերին եւ 2023 թուականի Յունուարին Եւրոպական Դատարան ուղարկած է պարբերաբար թարմացուող տեղեկութիւն Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր վիճակի մասին: Միաժամանակ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչին գրասենեակը Եւրոպական Դատարանէն պահանջած էր անյապաղ ծանուցում ուղարկել Եւրոպայի Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէին Ատրպէյճանի կողմէ Եւրոպական Դատարանի 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի որոշումը չկատարելու վերաբերեալ:

Եւրոպական Դատարանը, հաշուի առնելով կողմերուն ներկայացուցած փաստարկները, մերժած է Ատրպէյճանի պահանջներն ամբողջութեամբ` 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի որոշումը թողելով ուժի մէջ: Եւրոպական Դատարանը մերժած է նաեւ Հայաստանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին Ատրպէյճանի պահանջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment