Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսան Չի Հասկնար Իլհամ Ալիեւի Քննադատութիւնը. Եաէլ Պրոն-Փիւէ

Ֆրանսան Չի Հասկնար Իլհամ Ալիեւի Քննադատութիւնը. Եաէլ Պրոն-Փիւէ

by MassisPost

Ֆրանսան չի հասկնար Իլհամ Ալիեւի քննադատութիւնը, «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին յայտնած է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի նախագահ Եաէլ Պրոն-Փիւէն:

«Մենք չենք հասկնար Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի քննադատութիւնը, որովհետեւ Ֆրանսան միշտ փափաքած է գործել` ի նպաստ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին, ի նպաստ անոր, որ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը կայունանայ, Հարաւային Կովկասը դառնայ կայուն տարածաշրջան: Եւ կը կարծենք, որ Ատրպէյճանը նոյնպէս կը կիսէ խաղաղութեան հաստատման այս նպատակը, ուստի պէտք է իրականացնել այն գործողութիւնները, որոնք պիտի բերեն այդ խաղաղութեան հաստատման, մասնաւորապէս` բանալ Լաչինի միջանցքը եւ ազատել ռազմագերիները, որոնք դեռ կը պահուին Ատրպէյճանի մէջ: Մենք միշտ պատրաստ ենք քննարկելու բոլոր կողմերուն հետ, քանի որ կը կարծենք, որ միայն խաղաղութիւնը կրնայ տարածաշրջանին մէջ ապահովել շարունակական կայունութիւն», նշած է Ֆրանսայի ԱԺ նախագահը:

Եաէլ Պրոն-Փիւէն նշած է, որ ֆրանսական կողմին նպատակն է տարածաշրջանին մէջ հասնիլ խաղաղութեան հաստատման:

«Բնականաբար, մեր եւ կառավարութեան նպատակները նոյնն են, եթէ նոյնիսկ եղանակները տարբեր ըլլան: Մենք նախեւառաջ կը շարունակենք երկխօսութիւնը կառավարութեան հետ, որպէսզի հասնինք համատեղ համաձայնութեան, բայց նպատակները մէկն են, այն է` տարածաշրջանին մէջ հասնիլ խաղաղութեան հաստատման այն միջոցներով, որ մենք ունինք մեր տրամադրութեան տակ եւ հաշուի առնելով այն տեղն ու դերը, որ մենք ունինք: Բայց, ինչպէս գիտէք, Ֆրանսան կը գործէ շատ տարբեր հարթակներու վրայ` ըլլան երկկողմ յարաբերութիւնները, բազմակողմ յարաբերութիւնները եւրոպական հարթակներու վրայ: Եւ նպատակն է միջազգային համայնքը, միջազգային հանրութիւնը միաւորել` ի շահ այս հարցի խաղաղ կարգաւորման: Եւ այդ կարգաւորումը, բնականաբար, պէտք է ներառէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը, պահպանումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պահպանումը», ընդգծած է ան:

Ֆրանսայի ԱԺ նախագահ Եաէլ Պրոն-Փիւէն Հայաստան ժամանած է 12 Յունուարին: Ան հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետին, արտաքին գործերու նախարարին, Ազգային Ժողովի նախագահին հետ:

Նոյեմբերի վերջը Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը միաձայն ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ: Նախքան այդ ալ Ֆրանսայի Ծերակոյտն էր համանման բանաձեւ ընդունիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment