2022 տարին եւս անցաւ պատմութեան իր ետին ձգելով պատերազմներ, բնական աղէտներ, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, առողջական տագնապներ, գաղթականութիւն, որոնք իրենց ներգործութիւնը թողեցին երկրագունդի միլիոնաւոր ժողովուրդի վրայ:
Տարին սկսաւ ու աւարտեցաւ անիմաստ պատերազմով մը, որ կլանեց ամբողջ եւրոպական ցամաքամասը: Ռուսաստանի յարձակումը Ուքրանիոյ վրայ եւ շուտափոյթ աւարտի մասին պատրանքները սխալ դուրս եկան, երբ Միացեալ Նահանգներն ու ամբողջ Արեւմուտքը հասան Ուքրանիոյ օգնութեան՝ Ռուսաստանը մխրճելով ոչ միայն երկարատեւ պատերազմի մը մէջ, այլեւ մեծ հարուած հասցնելով անոր միջազգային հեղինակութեան ու հարցականի տակ դնելով անոր գերպետութիւն ըլլալու հանգամանքը:
Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառաւ յառաջացած սղաճի ընկերային ու տնտեսական տագնապները տարածուեցան աշխարհի բոլոր երկիրներուն վրայ, ուր մարդիկ յայտնուեցան դժուարութիւններու դէմ յանդիման:
Այս բոլորի կողքին Քորոնայի ժահրը բոլորեց իր երրորդ տարին: Թէեւ նահանջի մէջ, սակայն հիւանդութիւնը կը շարունակէ ապրիլ մեզի հետ՝ ամէն օր խլելով նոր զոհեր:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները բոլորեց համեմատաբար հանդարտ տարի մը, սակայն հոս եւս գիներու աննախադէպ բարձրացումը յառաջացուց շատերու դժգոհութիւնը: Բնական աղէտները՝ հսկայ հրդեհներ, երկրաշարժներ, չափազանց տաք եղանակային պայմաններ, ձիւնամրրիկներ, ջրհեղեղներ եւ փոթորիկներ նիւթական եւ մարդկային մեծ վնասներ հասցուցին Ամերիկայի տարբեր մասերուն մէջ:
Տարուան գլխաւոր իրադարձութիւններէն մէկը հանդիսացաւ Նոյեմբերին կայացած կիսաշրջանի ընտրութիւնները, որոնց աւարտին յաղթող դուրս եկաւ Ամերիկա ժողովրդավարութիւնը:
Հայաստանի ապրեցաւ փոթորկալից տարի մը եւս: 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքները շարունակեցին նորանոր տագնապներ յառաջացնել մեր հայրենիքէն ներս: Ատրպէյճանի թշնամական նկրտումները Հայաստանի ու Արցախի դէմ, դադար չունեցան ամբողջ տարուայ ընթացքին: Այդ բոլորը իրենց գագաթնակէտին հասան Սեպտեմբերեան պատերազմով, որ խլեց աւելի քան երկու հարիւր Հայ զինուորի կեանքը: Այդ սուղ գինը վճարուեցաւ կասեցնելու համար թշնամիի դէպի Նախիջեւան բռնի ուժով միջանցք բանալու ծրագիրները:
Անգամ մը եւս Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը չընդառաջեց օգնութեան հասնելու խնդրանքներուն: Հայաստանի մէջ ձայներ բարձրացան՝ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն դուրս գալու կոչերով, իսկ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները յայտնուեցան լուռ տագնապի մէջ:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով սկսան նոր բանակցութիւններ: Թէեւ կողմերը շեշտեցին առանց նախապայմաններու յառաջ երթալու կարեւորութիւնը, շատ չանցած ի յայտ եկաւ որ, թրքական կողմը կ՛ուզէ տեսնել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ այս վերջինի պայմաններով: Բանակցութիւնները լրիւ չեն դադրած, սակայն յաջողութեան հաւանականութիւնը օրըստօրէ կը նուազի:
Դեկտեմբերին ատրպէյճանցիները փակեցին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը: 120 հազար Արցախահայերը նոր տարին դիմաւորեցին շրջափակման մէջ՝ մատնուած բազում զրկանքներու:
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը շարունակեց ներքաղաքական կեանքը ապակայունացնելու իր աշխատանքները: Փողոցային այդ շարժումները մատնուեցան ձախողութեան, երբ քաղաքացիները մերժեցին ընդառաջել ընդդիմադիրներու կոչերուն, գիտակցելով որ, անոնց միակ նպատակը կորսնցուցած իշխանութեան վերատիրանալն է:
Չորրորդ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան անակնկալօրէն հրաժարեցաւ, երբ կը գտնուէր արտասահման: Անկախ Հայաստանի 5-րդ նախագահ ընտրուեցաւ Վահագն Խաչատուրեան, որ աւելի համերաշխ գործակից հանդիսացաւ Երկրի վարչապետին:
Դժուարութիւններու կողքին Հայաստան ունեցաւ նաեւ մեծ յաջողութիւններ: Տիեզերք արձակուեցաւ հայկական առաջին արբանեակը, որ նոր հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէ երկրի պաշտպանական կարողութիւնները ուժեղացնելու: Տնտեսութիւնը արձանագրեց աննախընթաց աճ, որուն օգուտները փոխանցուեցան ժողովուրդի կարիքաւոր դասակարգին, աշխատաւորներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորներուն:
Բանակի վերազինման գծով նախաձեռնուեցան նոր քայլեր: Պիւտճէտային հսկայ միջոցներ յատկացուեցան նոր ու արդիական զինատեսակներ ձեռք ձգելու նպատակով:
Տարին կը փակենք յոյս ունենալով որ, նոր տարին իր հետ կը բերէ աւելի լաւ պայմաններ երկրագունդի մարդկութեան համար, վերջ կը տրուի պատերազմներուն ու անոր պատճառած մարդկային զոհերուն, ցաւերուն ու տառապանքներուն, Հայաստանի ժողովուրդը կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ խաղաղ ու բարգաւաճ պայմաններու տակ, Արցախը կը գտնէ իր անդորրը ու ձեռք կը ձգէ ազատ ինքնորոշման իր արդար իրաւունքը:
Շնորհաւոր Նոր Տարի