Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հերոսութիւն եւ Իմաստնութիւն

Հերոսութիւն եւ Իմաստնութիւն

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Հազարամեակներու մեր պատմութիւնը լեցուն է բազմաթիւ հերոսներով եւ հերոսական արարքներով: Սակայն դժբախտաբար անոնց մեծամասնութիւնը արդիւնքը եղած են նեղ կացութիւններէ կամ տագնապալից իրավիճակներէ դուրս գալու ձգտումներու: Ինչպէս Պարոյր Սեւակ գեղեցկօրէն արտայայտած է՝ «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Ու «խենթ»երը, իմա՝ հերոսները կը տողանցեն մեր պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, եւ շատ անգամ անոնց կը պարտինք մեր գոյատեւումը: Հերոսները անոնք են, որոնք մեկնելով իրենց համոզումէն՝ որ կան իրենց անձերէն աւելի արժեքաւոր նպատակներ եւ կամ ծրագիրներ, կը նուիրաբերէն իրենց կեանքերը անոնց իրագործման համար: Հետեւաբար, երբ աւելի խորը կը դիտենք, կ’անդրադառնանք, որ հերոսութիւն եւ ողբերգութիւն շաղկապուած են իրարու: Վկայ՝ մեր ազատագրական պայքարի ֆետայիներն ու պատերազմներու ընթացքին հերոսի կոչումը նուաճած մեր նահատակ մարտիկները: Հերոսները ընդհանրապէս եւ դժբախտաբար կ’ունենան ողբերգական վերջաւորութիւն:

Իմաստնութիւնը իմաստուն ըլլալու յատկութիւնն է, որ իր մէջ կը պարփակէ խոհեմութիւն, դատողութիւն, զգաստութիւն, հաստատակամութիւն, եւայլն: Երբ ակնարկ մը կը նետենք մեր պատմութեան վրայ, դժբախտաբար ականատես կ’ըլլանք, որ հերոսութիւններու հետ բաղդատած, իմաստնութիւնը պակսած է մեզի, որպէս զի կարենանք քննական մօտեցումով արժեւորել կացութիւնները եւ ըստ այնմ լուծումներ որոնել եւ լծուիլ անոնց իրագործման:

Իմաստնութիւնը իր մէջ կը պարփակէ նաեւ մեծ պատկերը տեսնելու կարողութիւնը, պետական ու ազգային շահը հատուածականէն աւելի գերադասելու անշահախնդրութիւնը, պատմութիւնէն դասեր քաղելու ընդունակութիւնը, ինչպէս նաեւ ապագան կանխատեսելու եւ ըստ այնմ պատրաստուելու շնորհն ու կամքը: Յատկութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են որեւէ ազգի յառաջդիմութիւնը ապահովելու համար: Յատկութիւններ, որոնցմով դժբախտաբար ազգովին աղքատ եղած ենք եւ բաւարար աշխատանք չենք տարած, կարենալ բարելաւելու համար մեր այս տկարութիւնները:

Առանց հեռուն երթալու, եթէ աչքի առաջ ունենանք անցած երեսնամեակը, պիտի համոզուինք, որ որքա՜ն բարգաւաճ կ’ըլլար մեր իրականութիւնը այսօր, եթէ իմաստնութեամբ գործած ըլլայինք: Թող մեր այս խօսքը չնկատուի ամերիկեան արտայայտութեամբ՝ «Երկուշաբթի առաւօտեան խմբապետութիւն» (Monday morning quarterbacking), երբ հեշտ կ’ըլլայ Կիրակի օրուան անցած խաղին պատահած սխալներուն մասին «քարոզ» կարդալը:  Անմիջապէս յստակացնենք, որ ունեցանք իմաստուն առաջնորդներ, բայց դժբախտաբար հատուածականութեան ախտէն տառապողներու ժխորը այնքա՜ն բարձր էր, որ հրաժարեցուց եւ զգետնեց զանոնք: Դաւաճան անուանուեցան անոնք, որոնք տեսնելով մեծ պատկերը, առաջարկեցին փոխ-զիջումներու գնով ապահովել այն, որ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ էր պահել: Սակայն Նախիջեւանը ազատագրելու եւ Պաքու հասնելու ամբոխավար կոչերու աղմուկը անլսելի դարձուց պատմահայր Խորենացիի «ոտքերդ վերմակիդ համեմատ երկարելու» խրատը հնչեցնողները: Նոյնիսկ Թունուզի նախագահ Պուրկիպայի եւ Եգիպտոսի նախագահ Սատաթի փոխ-զիջումներու գծով Իսրայէլի հետ երկխօսելու օրինակին նշումը 1997-ին հրատարակուած մեր մէկ յօդուածին մէջ, մեզ ալ արժանացուց դաւաճանի պիտակին:

Ունեցանք ազգային շահը գերադասող առաջնորդներ, բայց անոնք զոհ գացին օտարի ձեռքին գործիք ծառայող պատեհապաշտներու: Ունեցանք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութիւնը սերտած, վարչապետ Քաջազնունիի անիրականանալի Սեւրի շլացքէն խուսափելու եւ թուրքին հետ երկխօսութեան մտնելու դասը սորված առաջնորդներ, բայց «ազգայնականները» ապազգային հռչակեցին զանոնք: Եւ «ամէնը կամ ոչինչ» մտայնութիւնը դաւանողներու արարքները մեզ հասցուցին այս օրուան, որ աւելի մօտ է ոչինչին, քան՝ ամէնուն:

Այս բոլորի մասին 1991-էն ի վեր «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ մեր հրատարակած յօդուածներով արտայայտուած ենք, նշելով հեռու թէ մօտիկ անցեալէն օրինակներ, դուրս գալու մեր կաղապարուած մտածելակերպէն եւ ընդգրկելու միջազգային զարգացումներու հետ քայլ պահող գործելաձեւ: Բազմիցս շեշտած ենք անձնասիրութիւնէ դէպի ազգասիրութիւն, ինքնախաբէութիւնէ դէպի ինքնաճանաչում,  հատուածականէն դէպի պետական մտածողութիւն, պատրանքէն դէպի իրականութիւն ոստում կատարելու անհրաժեշտութեան մասին: Միշտ ալ մեզ տանջած է այն միտքը, որ ինչո՞ւ կը պատահին այս սխալները, երբ աչքի առջեւ են անոնցմէ խուսափելու օրինակները: Մեզ տանջած է նաեւ այն միտքը, որ կ’արժէ՞ ժամանակ յատկացնել եւ գրել, երբ փոփոխութիւն չես տեսներ: Բայց ինչպէ՞ս լռել, երբ կայ ցաւ, որմէ կարելի էր հեշտութեամբ խուսափիլ:

Դժբախտութիւնը հոն է, որ սերունդներ դաստիարակուեցան խեղաթիւրուած պատմութեամբ, տուրք տալով հատուածականութեան: Դժբախտութիւնը հոն է, որ  սերունդներու դաստիարակութեան մէջ իրապաշտութիւնը զոհ գնաց զգացական զեղումներու: Պէյրութի, Փարիզի եւ կամ Լոս Անջերլըսի մեր նստավայրերէն գոհացանք երգելով «Գնանք մենք Սասուն», առանց այդ ուղղութեամբ պատրաստելու մտքերն ու առնելու գործնական քայլեր: Երազով աւելի հեշտ էր ժամանակաւորապէս հրահրել զգացմունքը, քան՝ իրականութեան հետ ընդհարումով խթանել միտքը: Ու եկաւ օրը, երբ երազները բախուելով իրականութեան հետ, փշրուեցան:

Դժբախտութիւնը հոն է, որ ներկայիս ալ, ոչ մօտիկ անցեալի եւ ոչ ալ հեռու պատմութեան դասերէն  օգտուելու ցանկութիւնը ակներեւ է մեր ժողովուրդին մէջ: Այդ իմաստնութիւնը, այդ մշակոյթը կը պակսի մեզի: Թերթատեցէք մամուլը եւ պիտի համոզուիք, որ դժբախտաբար հոն աւելի ատելութիւն եւ մաղձ կայ, քան՝ ուսանելի  հանդուրժողականութիւն: Աւելի բաժանարարութիւն կայ, քան՝ միասնականութեան ձգտում: Շատ ծանր կը կշռէ այս իրականութիւնը, մանաւանդ երբ աշխարհ կը բոլորէ անկայունութեան եւ անապահովութեան ժամանակաշրջան մը, որ պէտք է ստիպէ մեզի մէկդի դնելու մեր նախասիրութիւնները եւ ազգովին բոլորուելու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ապահովութիւնն ու գայատեւումը երաշխաւորելու էական առաքելութեան շուրջ:

Հերոսութիւնը պոռթկում է, մինչ իմաստնութիւնը՝ ծրագրաւորուած աշխատանք: Եթէ  այդ պոռթկումը իմաստնութեան արդիւնք չէ, ապա պիտի չծառայէ իր բուն նպատակին եւ կրնայ նոյնիսկ վնասել, յումպէտս վատնելով մեր ունեցած պաշարը: Այս յօդուածին սկիզբը ըսինք, որ հերոսութիւն եւ ողբերգութիւն շաղկապուած են իրարու եւ հերոսները ընդհանրապէս կ’ունենան ողբերգական վերջաւորութիւն: Մեր համեստ կարծիքով, այդ շաղկապը կը կտրուի երբ հերոսութիւնը կը ծնի իմաստնութիւնէն: Այդ պարագային, փոխան հերոսի ողբերգական մահուան յիշատակման, մենք ցնծութեամբ պիտի գովերգենք կենդանի հերոսի սխրանքները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment