Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ ՄԶԳ-ն Կը Մեկնարկէ Հնգամեայ Ծրագիր, Որուն Նպատակն Է Աջակցիլ ՀՀ Կառավարութեան` Ձեւաւորելու Աւելի Անաչառ Եւ Անկախ Արդարադատութեան Համակարգ

ԱՄՆ ՄԶԳ-ն Կը Մեկնարկէ Հնգամեայ Ծրագիր, Որուն Նպատակն Է Աջակցիլ ՀՀ Կառավարութեան` Ձեւաւորելու Աւելի Անաչառ Եւ Անկախ Արդարադատութեան Համակարգ

by MassisPost

ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը (ԱՄՆ ՄԶԳ) կը մեկնարկէ հնգամեայ ծրագիր, որուն նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` ձեւաւորելու աւելի անաչառ եւ անկախ արդարադատութեան համակարգ, ինչպէս նաեւ` բարձրացնելու իրաւունքի գերակայութեան հանդէպ հանրային վստահութիւնը երկրին մէջ: Ծրագիրը կը ֆինանսաւորէ ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը, կ’իրականացնէ` «Տիվելոփմընթ Փրոֆեշնլս Ինք.» (Development Professionals, Inc.) կազմակերպութիւնը:

«ԱՄՆ ՄԶԳ-Հայաստանի` Արդարադատութեան ոլորտի աջակցութեան ծրագիրը պատրաստակամ է աջակցելու Հայաստանին` լուծելու արդարադատութեան հիմնարար գործունէութիւնը խաթարող խնդիրները` դատական գործերու կառավարման համակարգի ցած արդիւնաւէտութիւնը, դատարաններուն գերծանրաբեռնուածութիւնը եւ որոշումներու թափանցիկութեան ոչ-բաւարար մակարդակը», ծրագրի պաշտօնական բացման իր ելոյթին մէջ նշած է ԱՄՆ ՄԶԳ հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճոն Ալելօն:

Ծրագիրը պիտի խթանէ դատական համակարգի անկախութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը` հզօրացնելով դատարաններուն, ոլորտի ինքնակարգաւորման մարմիններուն եւ կրթական հաստատութիւններուն կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ` պիտի զօրացնէ  արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներու իրականացման բազմաշահառու վերահսկումը:

Ծրագրի պաշտօնական բացման միջոցառման մասնակցած են ԱՄՆ ՄԶԳ հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճոն Ալելօն, ՀՀ Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Արման Տիլանեանը, ՀՀ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի անդամ Երանուհի Թումանեանցը, ՀՀ Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Գրիգոր Մինասեանը, Արդարադատութեան Ակադեմիայի տնօրէն Սերկէյ Առաքելեանը, կառավարութեան անդամներ, բարձրաստիճան այլ հիւրեր, միջազգային կառոյցներու, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Միջոցառման ընթացքին մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած են նաեւ ոչ-պաշտօնական միջավայրի մէջ քննարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արդարադատութեան ոլորտի արդի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման հնարաւորութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment