Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պրիւքսէլը, Ուաշինկթընն Ու Փարիզը Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընեն Բանալու Լաչինի Միջանցքը

Պրիւքսէլը, Ուաշինկթընն Ու Փարիզը Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընեն Բանալու Լաչինի Միջանցքը

by MassisPost

Պրիւքսէլը, Ուաշինկթընն ու Փարիզը Ատրպէյճանին կոչ կ’ընեն բանալու Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը` կանխելու համար մարդասիրական աղէտը: Պատերազմէն յետոյ Արցախի մէջ խաղաղապահ զօրակազմ տեղակայած Մոսկուան մինչեւ այս պահը լուռ է:

Երրորդ օրն է բնապահպաններ ներկայացող ատրպէյճանցիները փակ կը պահեն ճանապարհը, այդ շարքին` շտապօգնութեան ինքնաշարժներուն համար: Նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներով Արցախին մատակարարուող կազը անջատուած է: Ստեփանակերտը յայտնեց, որ վառելանիւթի պակաս կայ, ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ալ դասերը դադրեցուած են:

ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանին կոչ ըրած է վերականգնելու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով: Գրառումը Թուիթըրով հրապարակեց Պեական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը:

«Լաչինի միջանցքի փակումը ծանր մարդասիրական հետեւանքներ ունի եւ կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացին: Կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանի կառավարութեան վերականգնելու ազատ տեղաշարժը միջանցքով: Յառաջ երթալու ճանապարհը բանակցութիւններն են», նշած է Փրայս:

Պաշտօնական Ուաշինկթընի այս կոչը` ատրպէյճաներէն ու անգլերէն, իր էջով զետեղած է նաեւ Պաքուի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը: Աւելի ուշ ամերիկացի պաշտօնեան ճեպազրոյցի ընթացքին ալ խօսեցաւ խնդիրէն` յայտարարելով, որ տեսած են նաեւ ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու խափանումներու մասին հաղորդումները, խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորելը անընդունելի կը համարեն:

«Ուժանիւթային ենթակառուցուածքի որեւէ խափանում կրնայ յանգեցնել մարդասիրական ճգնաժամի, յատկապէս, երբ ձմեռնային ամիսներ են: Եթէ միտումնաւոր է, ապա անընդունելի է թիրախաւորել Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութիւնը», ընդգծած է Նետ Փրայս:

Ղարաբաղի կազամատակարարումը անջատելու մասին հաղորդումները մտահոգած են Եւրոմիութիւնը եւս: Պրիւքսէլը կոչ ըրած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն` ապահովելու Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը` համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան:

«Տեղաշարժի ազատութեան սահմանափակումները զգալի անհանգստութիւն կը պատճառեն տեղի բնակչութեան ու մարդասիրական մտահոգութիւններ կ’առաջացնեն», յայտարարած է Եւրոմիութեան Արտաքին Քաղաքականութեան Գրասենեակի մամուլի խօսնակ Փիթըր Սթանօն:

Աւելի յստակ էր պաշտօնական Փարիզը` կոչ ընելով Պաքուին առանց նախապայմաններու վերականգնելբւ Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment