ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Դեկտեմբեր 9-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ:
Արարատ Միրզոյեան եւ Քերըն Տոնֆրիտ անդրադարձած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու:
Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերեալ: Ընդգծուած է ԱՄՆ պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան գործընթացին:
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային անվտանգութեան ու սահմանազատման գործընթացին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման:
Ընդգծելով Հայաստանի կողմէ ներդրուող ջանքերը խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ` նախարար Միրզոյեան նշած է, որ անվտանգային իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ փխրուն է, իսկ Ատրպէյճանի կողմէ նոր սադրանքներու հաւանականութիւնը կը շարունակէ բարձր ըլլալ: