Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն Ամենաբարձր Մակարդակով Ներգրաւուած Է Եւ Կ’աջակցի Հայ-Ատրպէյճանական Ուղիղ Բանակցութիւններուն. Ֆիլիփ Ռիքըր

ԱՄՆ-ն Ամենաբարձր Մակարդակով Ներգրաւուած Է Եւ Կ’աջակցի Հայ-Ատրպէյճանական Ուղիղ Բանակցութիւններուն. Ֆիլիփ Ռիքըր

by MassisPost

Երեւան գտնուող ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան կովկասեան բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըր տեսաուղերձով հանդէս եկած է` նշելով, որ պաշտօնը ստանձնելէ յետոյ սա իր երկրորդ այցն է Հայաստան: Տեսաուղերձին մէջ Ռիքըր կ’ըսէ, որ կը շարունակէ տպաւորուած ըլլալ ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու նկատմամբ Հայաստանի յանձնառութեամբ` ի հեճուկս երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն:

«Այս յանձնառութիւնը կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի ապագան: Ես շնորհակալ եմ այն կարեւոր ու արդիւնաւէտ հանդիպումներուն համար, որ ունեցայ կառավարութեան, մասնաւորապէս` վարչապետ Փաշինեանի, արտաքին գործերու նախարար Միրզոյեանի, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու եւ այլ շահագրգիռ կողմերու հետ այստեղ` Երեւանի մէջ: Նմանօրինակ հանդիպումներ ունեցած եմ շաբթուան սկզիբը Պաքուի մէջմ, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսի մէջմ: Միացեալ Նահանգները ամենաբարձր մակարդակով` ի դէմս պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէք Սալիվանի, ներգրաւուած է եւ կ’աջակցի հայ-ատրպէյճանական ուղիղ բանակցութիւններուն: Մենք յանձնառու ենք Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ ապագայի ապահովման», կ’ըսէ ան:

Դիւանագէտին համոզմամբ` շարունակական ուղիղ երկխօսութիւնը, այսինքն` ոչ թէ ռազմական գործողութիւնը, այլ դիւանագիտութիւնը, առանցքային է խնդիրներու կարգաւորման եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու հարցին մէջ:

«Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ սա դիւրին չէ, սակայն ես կը փափաքիմ կրկնել պետական քարտուղար Պլինքընի դիտարկումը արտաքին գործերու նախարարներ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ հանդիպման ժամանակ. ան ըսաւ` Միացեալ Նահանգները յանձնառու է ընելու ամէն ինչ` աջակցելու կայուն խաղաղութեան հաստատման ձեր ջանքերուն», կ’եզրափակէ խօսքը Ֆիլիփ Ռիքըր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment