Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2023 Թուականին Եւս Երկու Անգամ Թոշակները Պիտի Աւելնան. Փաշինեան

2023 Թուականին Եւս Երկու Անգամ Թոշակները Պիտի Աւելնան. Փաշինեան

by MassisPost

«2023-ի պետական պիւտճէում մենք յստակ ճշդել ենք 7 տոկոս տնտեսական աճ ապահովելու մեր յանձնառութիւնը: Ես ուզում եմ, որ մենք յստակ արձանագրենք, որ այս բոլոր ծրագրերը` սկսած նպաստ ստացողներից, աւարտած աշխատուժի վերապատրաստման ծրագրերը, շատ էական նշանակութիւն են ունենալու 7 տոկոս աճ ապահովելու համար», Դեկտեմբեր 1-ին, կառավարութեան հերթական նիստին ընդգծեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ յաւելեց, որ ընկերութիւններէն ահազանգ կը ստացուի, որ իրենք` ընկերութիւնները, միւս տարուան իրենց հաւանական աճի մէջ շատ լուրջ խնդիր կը տեսնեն, որ կրնան աշխատուժի սակաւութեան պատճառով չկարենան կշռոյթը պահել:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` սա շատ կարեւոր է նաեւ աղքատութեան յաղթահարման տեսանկիւնէն. «Յոյս ունեմ, որ միւս տարի կը պարզուի, որ ի հեճուկս գնաճի` աղքատութեան շատ աւելի ցածր ցուցանիշ ունենք: Այսպիսի յոյս ունենալու տեղիք են տալիս աշխատատեղերի բացառիկ բարձր թիւը, աշխատանքային ֆոնտի աննախադէպ բարձր թիւը, գործազրկութեան աննախադէպ ցած մակարդակը եւ ի հարկէ յաջորդ տարուայ պետական պիւտճէի ընդհանուր ծախսերի էական աւելացումը. պաշտպանութեան ոլորտը հանած` միայն միւս ոլորտներում մենք 300 միլիոն տոլարից աւելի ընդհանուր ներդրումներ ենք նախատեսում»:

«Մենք այս տարի 2 անգամ ենք թոշակառուների թոշակը բարձրացնում եւ այս տրամաբանութեամբ եւս 2 անգամ կը բարձրացնենք 2023 թուականին», նկատեց վարչապետը եւ յաւելեց, որ հետեւութիւններ պէտք է կատարուին նաեւ ընկերային քաղաքականութեան ոլորտին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment