Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Միաձայն Ընդունեց Ատրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Առաջարկող Բանաձեւ

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Միաձայն Ընդունեց Ատրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Առաջարկող Բանաձեւ

by MassisPost

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը միաձայն ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցնէր առաջարկող բանաձեւ:

Ի թիւս այլ դրոյթներու` Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի բանաձեւը.

– Կոչ կ’ընէ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակում եւ վերադարձ հայրենիք;

– Կ’առաջարկուի կառավարութեան դիտարկել անհատական պատժամիջոցներու կիրառման հնարաւորութիւնը` Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ յարձակումներու եւ բռնագրաւման շարունակման պարագային;

– Կոչ կ’ընէ կառավարութեան շարունակելու միջնորդական ջանքերու գործադրումը` Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան խնդիրի լուծման նպատակով` համաձայն ԱԺ 2020 թուականի թիւ 502 բանաձեւի դրոյթներուն (նշուած բանաձեւով կ’առաջարկուի կառավարութեան ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղը);

– Կ’առաջարկուի կառավարութեան դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման հնարաւորութիւնը;

– Կոչ կ’ընէ միջազգային կազմակերպութիւններուն ձեռնարկելու բոլոր միջոցները Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

Բանաձեւը ներկայացուած է Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան` իշխանական «Վերածնունդ» խմբակցութեան անունով:

Բանաձեւի ընդունման նիստին պատուոյ հիւրերու կարգավիճակով ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը:

Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը արձագանգած է երկրի Օրէնսդիր Մարմինի կողմէ Հայաստանին աջակցող բանաձեւերու ընդունման: Մասնաւորապէս, հարցին, ինչպիսի՞ն է կառավարութեան դիրքորոշումը Ծերակոյտի, այնուհետեւ` Ազգային Ժողովին կողմէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վերաբերեալ ընդունուած երկու բանաձեւերուն վերաբերեալ` նշած է, որ այդ մասնաւոր նախաձեռնութիւն է:

«Այս նախաձեռնութիւնը չի հանդիսանար կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշումը եւ ընդունուած է ինքնուրոյն` իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքին համապատասխան: Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը յայտնի է եւ բազմիցս արտայայտուած է նախարարին կողմէ, մասնաւորապէս` Նոյեմբեր 29-ին, որուն մէջ ըսուած է․ «Ֆրանսան կը շարունակէ խրախուսել կողմերը յառաջ շարժելու այս բանակցութիւններուն մէջ` օգտուելու խաղաղութեան հնարաւորութենէն», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճանի խորհրդարանը Փարիզին կոչ ըրած է հրաժարելու քայլերէն, որոնք կրնան խաթարել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Միլի մեճլիսը դատապարտած է Ֆրանսայի Օրէնսդիր Մարմինի երկու պալատներուն կողմէ ընդունուած հակաաատրպէյճանական բանաձեւերը` զանոնք որակելով «կողմնակալ, ոչ-առարկայական եւ անարդար»:

Ատրպէյճանցի օրէնսդիրները յատուկ յայտարարութեամբ ընդգծած են, որ «կտրականապէս կը հերքեն Ազգային Ժողովի այդ բանաձեւը»` գնահատելով զայն որպէս «քաղաքական երկերեսանիութիւն»:

«Ցաւով կը նշենք, որ այսօր Ֆրանսայի պետական մարմիններու, այդ շարքին` խորհրդարանի երկու պալատներու սադրիչ քայլերը կը հարուածեն խաղաղութեան օրակարգը կեանքի կոչելու եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու բոլոր փորձերը», կ’ըսուի Ատրպէյճանի խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment