Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաւրով. «Կը Տեսնենք Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորումը Այլ Խաղցողներու Կողմէ Խոչընդոտելու Փորձեր»

Լաւրով. «Կը Տեսնենք Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորումը Այլ Խաղցողներու Կողմէ Խոչընդոտելու Փորձեր»

by MassisPost

«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով միջնորդական առաքելութեան հետ մէկտեղ մենք կը տեսնենք այլ խաղցողներու կողմէ այդ գործընթացը խոչընդոտելու փորձեր», լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ պնդած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդական խումբը «թաղած են ֆրանսացիներն ու ամերիկացիները»:

«Մենք անոր հետ կապուած որեւէ խնդիր չենք ունեցած: Յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկէն յետոյ Արեւմուտքը Փարիզի ու Ուաշինկթընի բերնով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պիտի չհամագործակցի Ռուսիոյ հետ որեւէ ձեւաչափով: Այսպիսով, անոնք յայտարարեցին ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի գործունէութիւնը դադրեցնելու մասին», պնդած է Լաւրով` յաւելելով, որ արեւմտեան միջնորդները փոխարէնը կը փորձեն սեփականաշնորհել այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են ռուսական մասնակցութեամբ:

«Օրինակ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ’ունենայ սահմանազատման յանձնաժողովի նիստ: Ատրպէյճանցիներն ու հայերը քաղաքավար մարդիկ են, անոնք կ’երթան այնտեղ: Բայց ինծի համար դժուար է պատկերացնել, թէ առանց նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու քարտէզի, որ կը գտնուի ռուսական շտաբին մէջ, ինչպէս կարելի է քննարկել սահմանազատման եւ խաղաղութեան պայմանագրի հարցը», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը:

Անցած ամիսներուն «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հետ զրոյցին ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ յայտնած է, որ չնայած Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին պատճառով Միացեալ Նահանգները խզած է յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, սակայն Ղարաբաղի հարցով պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին մէջ` յանուն խնդիրի խաղաղ ու տեւական կարգաւորման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment