Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կարգաւորումը դրական կ’ընթանայ: Այս մասին, Նոյեմբեր 29ին, տեղական հեռուստաընկերութեան հետ հարցազրոյցին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը:
Թուրքիոյ նախագահին խօսնակը բարձր գնահատած է Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ կայացած Էրտողան-Փաշինեան հանդիպումը:
«Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները այժմ կը հաստատուին ուղղակիօրէն` առանց միջնորդներու: Այդ շատ կարեւոր է», նշած է Քալըն: