Ատրպէյճանական haqqin.az-ի փոխանցմամբ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Դեկտեմբեր 7-ին Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումը պիտի չկայանայ:
«Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումը պէտք է կայանար Դեկտեմբեր 7-ին: Բայց երէկ Հիքմեթ Հաճիեւը զիս տեղեկացուց, որ իր հետ կապուած են Շարլ Միշէլի գրասենեակէն եւ յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը համաձայնած է հանդիպման միայն այն պարագային, եթէ անոր մասնակցի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը: Սա կը նշանակէ, որ այս հանդիպումը պիտի չկայանայ», Ալիեւի խօսքերը փոխանցած է Haqqin.az-ը:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Պաքուի մէջ գումարուած «Միջին միջանցքի երկայնքով. աշխարհքաղաքականութիւն, անվտանգութիւն եւ տնտեսութիւն» միջազգային համաժողովին ըսած է, թէ Ֆրանսան հակաատրպէյճանական կողմնակալ դիրքորոշում որդեգրելու բերումով այլեւս չի կրնար մասնակցիլ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացին:
Ալիեւը որպէս Ֆրանսայի հակաատրպէյճանական քաղաքականութեան օրինակներ նշած է Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներու` Ծերակոյտի եւ Ազգային Ժողովի ընդունած բանաձեւերը եւ «փորձը Ատրպէյճանին յարձակման ենթարկել Ֆրանքոֆոնի գագաթաժողովին»:
Ալիեւի փոխանցմամբ, այդ անընդունելի է, քանի որ Ֆրանքոֆոնի համաժողովը սոսկ մարդասիրական կազմակերպութիւն է:
«Հաշուի առնելով այդ ամէնը, Ֆրանսան չի կրնար մասնակցիլ խաղաղութեան գործընթացին: Այդ մեր մեղքը չէ, ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ Ռուսիան երբեք պաշտօնական մակարդակով կողմերէն մէկուն չեն սատարած: Այդ կը նշանակէ, որ Դեկտեմբեր 7-ի հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ, եւ մենք պիտի քննարկենք այլընտրանքներ: Տեսնենք, թէ ով միջնորդի դեր պիտի ստանձնէ եւ որ հարթակին մէջ», ըսած է Ալիեւ:
Ատրպէյճանի ղեկավարը նաեւ նշած է, թէ առաջարկելով, որ Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպման մասնակցի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «կը փորձէ տապալել խաղաղութեան բանակցութիւնները»:
Ալիեւ ըսած է նաեւ, թէ կը փափաքի, որ հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը զուգահեռաբար իրականացուի: