Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնի Ընթացքին Հաւաքագրուած Է 11.003.439, 51 Տոլար

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնի Ընթացքին Հաւաքագրուած Է 11.003.439, 51 Տոլար

by MassisPost

«Մենք կը ստեղծենք կենսունակ համայնքներ» խորագրի ներքոյ Նոյեմբեր 24-ին տեղի ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի (ՀՀՀ) 25-րդ հեռուստամարաթոնը, որուն ընթացքին այս պահի դրութեամբ հաւաքագրուած է 11.003.439,51 տոլար:

Հիմնադրամի գրասենեակէն յայտնած են, որ դրամահաւաք-միջոցառումները դեռ կը շարունակուին, իսկ վերջնական արդիւնքները պիտի ամփոփուին տարեվերջին:

«Հեռուստամարաթոն 2022»-ի ծիրին մէջ Հայաստանէյն եւ Արցախէն հանգանակուած է 1.000.280,51 տոլար, ԱՄՆ-ի Տեղական Մարմինը հաւաքագրած է 5.000.250 տոլար, Ֆրանսայի Տեղական Մարմինը` 3.284.000 տոլար, Բրիտանիոյ Տեղական Մարմինը` 700.000 տոլար, Գանատայի (Թորոնթօ) Տեղական Մարմինը 547.272 տոլար, ինչպէս նաեւ նուիրատուութիւններ կատարուած են հետեւեալ երկիրներէն` Գանատայի (Մոնրէալ) 204.000 տոլար, Պրազիլ 100.000 տոլար, Զուիցերիա 80.000 տոլար, Գերմանիա 52.660 տոլար, Արժանթին 25.000 տոլար, Աւստրիա 6.144 տոլար, Ռումանիա 3.833 տոլար:

«Մենք կը ստեղծենք կենսունակ համայնքներ» խորագրով հեռուստամարաթոնի միջոցները պիտի նպատակաուղղուին հայրենիքի սահմանային համայնքներու առողջապահական, ընկերային, կրթական, մշակութային, ենթակառուցուածքներու վերականգնման, ինչպէս նաեւ սահմանային համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներու ֆինանսաւորման:

«Շնորհակալ ենք մեր բոլոր գործընկերներուն եւ նուիրատուներուն շարունակական աջակցութեան, անմնացորդ նուիրումի եւ Հայրենիքի կողքին կանգնելու համար, որուն շնորհիւ բարելաւուած է մեր տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներուն կեանքը», կը նշեն Հիմնադրամէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment