Ատրպէյճանը կը փորձէ հիմքեր ստեղծել Լաչինի միջանցքին նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելու համար. Պաքուի` Երեւանին ուղղուած հերթական մեղադրանքներուն անդրադառնալով, «Ազատութեան» հետ զրոյցին յայտարարեց Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան:
Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը նախօրէին յայտնած էր, որ Օգոստոսէն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանին` Քելբաջարի եւ Լաչինի հատուածներուն մէջ անցեալ տարի Հայաստանի մէջ արտադրուած ականները յայտնաբերուած են», պնդելով որ այդ ականները կը վկայեն, որ Հայաստանը Լաչինի միջանցքը «օգտագործած է ապօրինի ռազմական գործունէութեան համար»` «կոպտօրէն խախտելով եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտը»:
«Ինչի՞ համար է սա արւում, սա արւում է մէկ բանի համար, որ Լաչինի միջանցքի նկատմամբ փորձեն վերահսկողութիւն սահմանել եւ հիմա այդ, այսպէս կոչուած, սոսն են պատրաստում: Հիմա մենք արձագանգել ենք եւ մեր միջազգային բոլոր գործընկերներին տեղեկացնում ենք, որ այդ ականները հանուել են նշուած վայրերից, այսինքն, Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներից», նշեց Մարուքեան:
Երեւանի հասցէին նոյն մեղադրանքները նաեւ Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարի տեղակալը հնչեցուցած էր: Ճէյհուն Շատլինսքին պնդած էր, որ Պաքուն փաստեր ունի «ռուս խաղաղապահներու տեղակայման տարածքներ զէնքի փոխադրման», ինչպէս նաեւ «ռազմական սադրանքներու համար պայմաններու ստեղծման» մասին: