Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուս Խաղաղապահները Կը Հակադարձեն Պաքուին

Ռուս Խաղաղապահները Կը Հակադարձեն Պաքուին

by MassisPost

Ռուս խաղաղապահները հակադարձած են Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան` տարակուսանք յայտնելով անոր ձեւակերպումներուն առնչութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին գործունէութիւնը լուսաբանող Թելեկրամ ալիքի հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

 

«Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբը ուսումնական եւ մարտական խնդիրներու իրականացման ժամանակ կ’օգտագործեն Ռուսիոյ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի տեղագրական քարտէզներով սահմանուած անուանումները:

Զարմանք կը յարուցէ քննադատութիւնը Պաքուէն Մաղաւուզ բնակավայրի անուան վերաբերեալ, քանի որ աւելի վաղ եւ ոչ մէկ անգամ, Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկագրերուն մէջ օգտագործուած են նաեւ այլ ոչ-ատրպէյճանական տեղանուններ` Լեռնային Ղարաբաղի տարածքով Ատրպէյճանի քաղաքացիներու ինքնաշարժնրեու շարասիւներու ուղեկցման ծիրին մէջ: Այդ, սակայն, չէ յանգեցուցած տեղեկատուական տարածքին մէջ դժգոհութիւններ արտայայտելուն: Աւելին, շարասիւներու երթուղիներու համաձայնեցման եւ ռուս խաղաղապահներու հետ փոխգործողութեան կազմակերպման ժամանակ ատրպէյճանական կողմը նոյնպէս կ’օգտագործէ այդ տեղանունները»:

Շեշտելով, որ ռուս խաղաղապահ զօրախումբին գործունէութիւնը կը կանոնակարգուի Հայաստանի վարչապետին, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-10-ի յայտարարութեամբ եւ բազմիցս դրուատանքի արժանացած է այդ շարքին Ատրպէյճանի պաշտօնատար անձերու կողմէ, հաղորդագրութիւնը կը մանրամասնէ, որ զինադադարի խախտումները կը դիտարկուին խաղաղապահներու դիտակէտերէն` գործնական վերահսկողութեան միջոցներով, որոնք թոյլ կու տան դիտարկում իրականացնել օրուան որեւէ ժամուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment