Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնարաւոր Է Սկսին Հորատիզ-Մեղրի-Օրտուպատ-Սատարաք-Երասխ Երկաթուղիի Վերականգնման Աշխատանքները. Փաշինեանը Փութինէն Դրական Ազդակներ Ստացած Է

Հնարաւոր Է Սկսին Հորատիզ-Մեղրի-Օրտուպատ-Սատարաք-Երասխ Երկաթուղիի Վերականգնման Աշխատանքները. Փաշինեանը Փութինէն Դրական Ազդակներ Ստացած Է

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտնեց, որ կրնայ լուրջ հնարաւորութիւն ըլլալ` սկսելու Հորատիզ-Մեղրի-Օրտուպատ-Սատարաք-Երասխ երկաթուղիի վերականգնման աշխատանքները:

Փաշինեան ընդգծեց, որ Նոյեմբեր 23-ին Երեւանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններուն ժամանակ դրական ազդակներ ստացած է վերջինէն:

«Նախորդ դառն փորձը հաշուի առնելով` հիմա ուզում եմ տեղեկատուութիւնը կիսել, բայց ասել, որ այս ամէնը դեռ պէտք է վերահաստատուի եւ արձանագրուի: Բայց լաւ է, որ մենք ֆինանսական հնարաւորութիւնների խնդիր չենք ունենայ», ըսաւ ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment