Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցաւ Շատ Բաց, Անկեղծ Եւ Դրական Քննարկում. Փաշինեանը` ՀԱՊԿ Երեւանեան Նիստին Մասին

Տեղի Ունեցաւ Շատ Բաց, Անկեղծ Եւ Դրական Քննարկում. Փաշինեանը` ՀԱՊԿ Երեւանեան Նիստին Մասին

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւով կը նշէ, որ Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 23-ին կայացած ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի հերթական նիստին չեն յաջողած ընդհանուր յայտարարի գալ երկու շատ կարեւոր փաստաթուղթերու վերաբերեալ: Սակայն, չնայած այդ հանգամանքին, Փաշինեան դրական կը գնահատէ ՀԱՊԿ նիստի ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումը:

Վարչապետ Փաշինեան կառավարութեան նիստին նշեց, որ տեղի ունեցած է շատ բաց, անկեղծ եւ  դրական քննարկում:

«Այդ երկու փաստաթղթերն ուղարկուել են լրամշակման եւ ես յոյս ունեմ, որ մենք կը կարողանանք գալ ընդհանուր յայտարարի: Բայց ընդհանուր առմամբ, չնայած այն հանգամանքին, որ մենք չստորագրեցինք ՀԱՊԿ-ի հռչակագիրը եւ Սեպտեմբերի 13-ի մագլցողութեան վերաբերեալ ՀԱՊԿ արձագանգի որոշումը եւ դրանք չընդունուեցին,  ես ընդհանուր առմամբ դրական եմ համարում քննարկումը, դրական եմ համարում նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ երկկողմ ձեւաչափում ունեցած բանակցութիւնները», ըսաւ Փաշինեան` յոյս յայտնելով, որ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք արձանագրուած են, հնարաւորինս արագ կ’իրականացուին:

Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 23-ին կայացաւ ՀԱՊԿ գագաթաժողովը, որուն նախագահած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Հայաստանը գագաթաժողովի ընթացքին մերժած է ստորագրել ՀԱՊԿ-ի հռչակագիրը եւ Ատրպէյճանի յարձակման հետ կապուած Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ որոշման նախագիծը: Հայաստանը իր որոշումը հիմնաւորած է այդ փաստաթուղթերու ոչ-լիարժէք ըլլալով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment