Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ժամանակակից Զէնք Գնելով Կը Փորձէ Յետաձգել Խաղաղութեան Պայմանագրի Ստորագրումը․ Ճէյհուն Շատլինսքի

Հայաստանը Ժամանակակից Զէնք Գնելով Կը Փորձէ Յետաձգել Խաղաղութեան Պայմանագրի Ստորագրումը․ Ճէյհուն Շատլինսքի

by MassisPost

Ատրպէյճանի Անվտանգութեան Խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալ Ճէյհուն Շատլինսքին Պաքուի մէջ ընթացող «Հայրենական պատերազմի փորձը» գիտաժողովի ընթացքին ելոյթ ունենալով, նշած է, որ Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական ուժերը ամէն կերպ կը փորձեն խանգարել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:

«Հայաստանը միջոցներ կը տրամադրէ սպառազինութիւններու եւ բանակաշինութեան համար` գերազանցելով իր ֆինանսական հնարաւորութիւնները, կը փորձէ գնել արդիական սպառազինութիւն եւ ռազմական տեխնիկայ` փորձելով յետաձգել խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը, ինչ որ մտահոգութիւն կ’առաջացնէ Ատրպէյճանին մօտ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment