Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Պօղոս Պօղոսեանի Սպանութեան Գործով Երկու Դատաբժիշկներուն Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Պօղոս Պօղոսեանի Սպանութեան Գործով Երկու Դատաբժիշկներուն Մեղադրանք Առաջադրուած Է

by MassisPost

«Առագաստ» սրճարանի զուգարանին մէջ 2001-ի Սեպտեմբեր 25-ին սպաննուած Պօղոս Պօղոսեանի գործով պայմանագրային հիմունքներով աշխատող դատաբժիշկներ Շ.Գ.-ին եւ Գ.Հ.-ին մեղադրանք առաջադրուած է, որպէս խափանման միջոց ընտրուած է պաշտօնավարման կասեցումը, ինչպէս նաեւ երկրէն բացակայելու արգելք սահմանուած է, կը հաղորդէ Գլխաւոր Դատախազութիւնը:

Աւելի վաղ Դատախազութիւնը տեղեկացուցած էր, որ Պօղոսեանը կեանքէն զրկելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով փորձագէտներ Շ.Գ-ի եւ Գ.Հ.-ի կողմէ ակնյայտ կեղծ եզրակացութիւն տալու փաստով քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է: Իրաւապահները հաստատած էին, որ Պօղոսեանի դին զննած փորձագէտները կեղծած են եզրակացութիւնները:

Ըստ իրաւապահներուն, եթէ 2001-ին փորձագէտները եզրայանգած էին, որ Պօղոսեանի մահը վրայ հասած է իյնալու հետեւանքով, ապա երկու տարի առաջ, երբ մահուան գործը վերաբացուեցաւ, փորձաքննութիւնը տրամագծօրէն հակառակ պատկեր արձանագրած է` ջաւախքցի տղամարդը մահացած է ծեծի հետեւանքով:

43-ամեայ Պօղոսեանի մահուան գործը վերաբացուած է 2019-ին, դէպքին ականատես՝ Բրիտանիոյ քաղաքացի Սթիվըն Նիւթընի բողոքէն յետոյ: Գործով միակ մեղադրեալը նախկին նախագահի թիկնազօրի անդամներէն «Կուկու» ծածկանունով Աղամալ Յարութիւնեանն է` անզգոյշ սպանութեան յօդուածով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment