Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յոյս Ունիմ, Որ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Կը Ստորագրուի. Փութին

Յոյս Ունիմ, Որ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Կը Ստորագրուի. Փութին

by MassisPost

Յոյս ունիմ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի, Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Ան նշեց, որ հանդիպման պիտի քննարկեն երկու հարեւան երկիրներու յարաբերութիւններու համալիր կարգաւորման հարցը:

«Մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ հայ-ատրպէյճանական համալիր կարգաւորման ջանքերու ամրապնդմանն առնչուող հարցերուն: Այդ բնականաբար սուր հարց է, որ մեր ուշադրութեան կարիքն ունի», նշեց Ռուսիոյ ղեկավարը` յաւելելով, որ Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ բանակցութիւնները լաւ հիմք են հետագայ հիմնարար հարցերու լուծման համար:

«Կարեւոր էր, որ համատեղ յայտարարութեան մէջ բարձր մակարդակով վերահաստատուեցաւ հաւատարմութիւնը եռակողմ յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր համատեղ ձեւաչափի առանցքային դերին` ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման: Միայն այդ պայմանաւորուածութիւնները հետեւողական կատարելու պարագային՝ սահմաններու սահմանազատում, ճանապարհային ապաշրջափակման, մարդասիրական հարցերու լուծման պարագային կարելի է հասնիլ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման: Յոյս ունինք, որ այդ ի վերջոյ թոյլ պիտի տայ հասնելու խաղաղութեան պայմանագրի կնքման Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ»:

Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած է Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով, նախագահ Փութին իր թուարկած հարցերը Երեւանի մէջ Հայաստանի վարչապետին հետ երկկողմ հանդիպման ժամանակ պիտի քննարկեն:

Վլատիմիր Փութին շեշտեց, որ ռազմական կառոյցին մէջ դրական զարգացումներէն բացի, արձանագրուած են թերացումներ, որոնց մասին խոստացաւ աւելի մանրամասն խօսիլ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ղեկավարներու հետ փակ հանդիպման ընթացքին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment