Հայաստանի վարչապետին հետ հեռախօսազրոյցէն յետոյ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը զրուցած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ:
Պետական քարտուղարութեան հաղորդմամբ` Էնթընի Պլինքըն Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած է հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան քննարկումներու յաջորդ քայլերն ու արդիւնքները: Պետական քարտուղարը ընդգծած է Ուաշինկթընի աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին եւ կողմերուն կոչ ըրած է բանակցութիւններու նոր օր յստակացնել, ինչպէս պայմանաւորուած էին Ուաշինկթընի մէջ:
Էնթընի Պլինքըն նաեւ կոչ ըրած է Ալիեւին՝ պահպանելու զինադադարը եւ զերծ մնալու սադրանքներէն` Հայաստանի հետ խաղաղութեան ճանապարհին վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար: