Ազգային միասնութեան ժամեր ապրեցան գաղութի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին պատմական այս մեծ կառոյցի Կլենտէյլի Հայ-Ամերիկեան թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի շինութեան առաջին փուլի աւարտական հանդէսին մասնակցելու: Ներկայ էին հոգեւոր առաջնորդներ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրէտէրեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Վերպ. Հենտրիկ Շահնազարեան Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտի Քասախեան, Հայ-Ամերիկեան թանգարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէն Խորհուրդի ու ազգային տարբեր կազմակերպութեանց ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ եւ պաշտօնական հիւրեր: Այս առթիւ շրջայց կատարուեցաւ առաջին փուլի, այսինքն գետնայարկի կառատունը, որ կրնայ պարբակել շուրջ 90 ինքնաշարժ եւ գրեթէ պատրաստ վիճակի մէջ է: Արդարեւ, գարնանման աշնանային պայծառ օրուան մէջ, թանգարանի առաջին յարկի բացօթեայ տանիքը, գեղեցիկ երանգապնակի նման համախմբուած էր գաղութի ընտրանին, ներկայ ըլլալու պատմական եզակի իրադրութեան մը, որ պիտի դառնայ մնայուն կոթող մը Կլենտէյլի սիրտին մէջ: Արդարեւ «երազային թանգարան»ը արդէն սկսած է իրականութիւն դառնալ եւ երկու տարիէն հանրութեան պիտի ներկայանայ իր ամբողջական կերպարանքով:
Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը: Շնորհալի երգչուհի Ալին Առուստամեանի կատարմամբ ունկնդրուեցաւ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի պետական քայլերգերը: Ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի հոգաբարձութեան տնօրէն Շանթ Սահակեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ ազգապարծանք այս կառոյցի շինութեան գործընթացին եւ մօտաւոր ապագային իրականալիք ծրագիրներուն մասին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Տիար Արտաշէս (Արտի) Քասախեան: Ան իր ուրախութիւնն ու անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց այս նուիրական ձեռնարկի յաջողութեան համար:
Հայ-Ամերիկեան թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի հոգաբարձութեան գործադիր քարտուղար Պերճ Կարապետեան, իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենանուէր այս փառայեղ միջոցառումի աջակիցներուն եւ յատկապէս նուիրատուներուն, որոնց շարքին նահանգային կառավարութեան, իր 19 միլիոն տոլարի աջակցութեան, դաշնակցային իշխանութիւններուն մէկ միլիոն տոլարի մասնակցութեամբ եւ այլ ազնիւ նուիրատուներուն, որոնց շնորհիւ հնարաւոութիւն կը ստեղծուի իրակնացնելու այս ազգապարծանք ծրագիրը:
Ներկայ հոգեւոր առաջնորդներու անունով` փակման կուռ խօսքով պերճիմաստ ելոյթ մը ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ան իւրայատուկ պերճախօսութեամբ, պանծացուց հայ ժողովուրդի ապրելու տեսլականը եւ անդրադառնալով կառուցման մէջ եղող թանգարանին, ըսաւ որ այս մէկը` «յաղթանակ»ի կոչման արժանի է եւ…. նորանոր յաղթանակներ մաղթեց հայ ժողովուրդին:
Հրաւիրեալները ազգային հպարտութեամբ եւ լաւագոյն տպաւորութիւններով բաժնուեցան ապագայ թանգարանի շինութեան վայրէն, մաղթելով հեզասահ արագընթաց եւ բարեյաջող աւարտ: