Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Օժտուեցաւ Նոր Վարիչ Մարմինով

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Օժտուեցաւ Նոր Վարիչ Մարմինով

by MassisPost

Նոյեմբեր 6-ին կայացաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի 21-րդ պատգամաւորական ժողովը` մասնակցութեամբ Կուսակցութեան տարբեր մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորներու:

Ժողովի բացումը կատարուեցաւ Կուսակցութեան քայլերգի` «Հեռաւոր Երկիր»-ի երգեցողութեամբ, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս յարգեցին յիշատակը` վերջին տարիներուն կեանքէն հեռացած ընկեր ընկերուհիներուն եւ Սեպտեմբերեան պատերազմի ընթացքին զոհուած Հայ զինուորներուն:

Ժողովի սկզբնաւորութեան ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ու յաջողութիւն մաղթեց փոխ-ատենապետ Ընկ. Խաչիկ Քէշիշեան:

Անցնելով իր աշխատանքներուն ժողովը քննարկեց կուսակցութեան ներքին կազմակերպչական հարցերը, որոնց  նկատմամբ առաւ համապատասխան որոշումներ:

Քննարկուեցաւ Կուսակցութեան մամուլի զարգացման  ու աւելի լայն հասարակութեան հասցնելու կարեւորութիւնը ու այդ ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը:

Պատգամաւորները բարձր գնահատեցին վերջերս Երեւանի մէջ կայացած  ՍԴՀԿ 22-րդ Համագումարի յաջող կայացումը  ու արձանագրուած արդիւնքները:

Քննարկուեցան գաղութային տարբեր հարցեր, ինչպէս նաեւ   Հայաստանի ու Արցախի ներկայ իրավիճակները: Ժողովականները դրական  գնահատեցին ՍԴՀԿ դիրքորոշումը` Հայրենի ժողովուրդին   կողմէ  ընտրուած  իշխանութիւններուն հետ համագործակցութիւնը:

Ժողովի վերջին օրակարգով տեղի ունեցաւ նոր Վարիչ Մարմինի ընտրութիւնը` հետեւեալ կազմով`

Վազգէն Խոտանեան ատենապետ
Միհրան Խաչատուրեան փոխ-ատենապետ
Լենա Մանուկեան քարտուղար
Վահէ Աջապահեան
Կարինէ Տեփոյեան
Ռուբէն Մուղալեան
Յակոբ Աճէմեան
Գրիգոր Մոլոյեան
Հէրի Ունել

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment