Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Դատապարտեն Ատրպէյճանի Զինուորական Ոճրագործներու Ոգեկոչումը Լիբանանի Մէջ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Դատապարտեն Ատրպէյճանի Զինուորական Ոճրագործներու Ոգեկոչումը Լիբանանի Մէջ

Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան Զարմանք կը Յայտնէ Լիբանանեան Հողի Վրայ Ատրպէյճանին Նուիրուած Յուշակոթողի Բացումին Կապակցութեամբ

by MassisPost

Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2022-ին, Նոր Հաճնոյ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու արտակարգ ժողովը: Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ մամլոյ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները խստիւ կը դատապարտեն Աքքարի Ալ Քաուշիրա գիւղին մէջ` այսպէս կոչուած «Ատրպէյճանի հանրապետութեան նահատակ ներու» յիշատակին յուշարձանի մը բացման դէպքը, այլ խօսքով` Ատրպէյճանական բանակի «զոհեր»ուն յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողի երեւոյթը:

Ժողովականները զարմանք եւ վրդումունք յայտնեցին, այս յուշաչձանի տեղադրման եւ արարողութեան ընդհանուր հոլովոյթին մասին հաստատելով` որ արարքը իր էութեան մէջ կը հակասէ պաշտօնական Պէյրութի հրապարակած յայտարարութեան, առ այն, որ ատրպէյճանական զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ եւ այնտեղ գործած ոճիրներ:

Նման հաստատում կատարած են նաեւ միջազգային ընտանիքի բազմաթիւ պետութիւններ, բացայայտելով Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործ ըլլալու դիմագիծը եւ պահանջելով հայաստանեան տարածքներէն ատրպէյճանական բանակին հեռացումը:

Հիմա Լիբանանի մէջ, լիբանանեան պետական դէմքերու ներկայութեան կոգեկոչուի յանցագործ բանակ մը որ կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն եւ որ փաստերը տուած է Սումկայիթի, Կիրովապատի, Թալիշի եւ Պուտաբէշտի մէջ ռազմական ամենավայրագ ոճիրները գործադրելու եւ ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը շարունա կելու:

Ժողովը անհրաժեշտ գտաւ որ Լիբանան չներքաշուի ատրպէյճանական թափանցումի ու պատմութեան նենգափոխման այս նոր ծուղակին մէջ եւ յարգէ հայ ժողովուրդի իրաւունքները ու յատկապէս լիբանանահայ համայնքի արժանապատուութիւնը:

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան Զարմանք կը Յայտնէ
Այս արդիւ՝ Ս.Դ.Հ.Կ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Ալեքսան Քէօշկէրեան զարմանք  յայտնած լիբանանեան հողի վրայ Ատրպէյճանին նուիրուած յուշակոթողի բացումին կապակցութեամբ, դատապարտելով սեփական նեղ շահի համար ոճրագործները պարգեւատրելու երեւոյթը:

«Գայթակղութիւն մը Աքքարի Քաուաշիրա բնակավայրիոն մէջ, որուն հերոսներն են երեսփոխաններ Ճիմի Ժապպուրն ու Մոհամմատ Սլէյմանը»: Ս.Դ.Հ.Կ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալէքսան Քէօշկէրեան այսպէս մեկնաբանեց Լիբանանի հիւսիսային գաւառէն տարածուած լուրերը եւ լուսանկարները այն մասին, որ թրքական եւ ատրպէյճանական դեսպանութիւններուն աջակցութեամբ Քաուաշիրա բնակավայրին մէջ տեղի ունեցած է «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներ» խորագրեալ յուշակոթողի մը բացումը՝ ներկայութեամբ շրջանի երեսփոխաններէն Մոհամմատ Սլէյմանի եւ Ճիմի Ժապպուրի, նախկին երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ Աքքարի գաւառապետին, գործող եւ նախկին պաշտօնատարներու:

«Աքքարցիները մեր եղբայրներն են եւ լիբանանեան հայրենիքի մեր գործընկերները: Մենք զանոնք կը յարգենք եւ կ’արժեւորենք, սակայն հարց կուտանք, թէ ինչպէս համաձայնեցան իրենց գիւղին մէջ այդ յուշակոթողը կանգնեցնելու գաղափարին», համացանցային գրառումներով նշեց Քէօշկէրեան:

Անոր խօսքով, լիբանանահայերը, որպէս լիբանանցի քաղաքայիններ կը հաւատան մարդկային գերագոյն արժէքներուն ու կը դատապարտեն հայրենիքի մէկ սիրելի տարածքին վրայ նման յուշակոթողի մը կանգնեցումը, կը մերժեն պատմութեան կեղծումը եւ ոճրագործներու պարգեւատրումը՝ յանուն անձնական նեղ շահերու եւ օգուտներու:

Նշենք, որ յուշակոթողի բացումին զուգահեռ նաեւ տեղի ունեցաւ թրքական ֆինանսաւորումով մօտակայ վարժարանի մէկ մասնաբաժինին բացումը: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք արտասանողները շնորհակալութիւն յայտնեցին Թուրքիոյ՝ Լիբանանի նշեալ շրջանին մէջ ներդրումներ կատարելուն համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment