Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հաճնոյ Հերոսամարտի Ոգեկոչումը

Հաճնոյ Հերոսամարտի Ոգեկոչումը

by MassisPost

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Հաճնոյ Հերոսամարտի 102-րդ տարեդարձը արժանավայել կերպով տօնուեցաւ Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2022-ին։

Նախ, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ յաւարտ սուրբ եւ անմահ Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Հերոսամարտին զոհուող նահատակ զինուորներուն եւ վեց հազար անմեղ բնակիչներուն հոգիներուն համար։

Պատարագիչն էր Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Արմաշ Եպիսկոպոս Նալպանտեանը։ Սրբազան հայրը հոգեհանգստեան արարողութենէն առաջ, օրհնեց մատաղը եւ վեր առաւ նահատակ զինուորներու վճռակամութիւնը՝ դիմադրելու Քեմալական զորքին, որոնք ութը երկար ամիսներ պայքարեցան գրաւելու արծուաբոյն Հաճընը։

Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղի (հերիսայ) մատակարարութիւնը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Փասատինայի համալիրին՝ Պոյաճեան սրահին մէջ, որ պատէ-պատ լեցուած էր Հաճընցի թէ այլ Կիլիկեցի 350 հայրենակիցներով։

Օրուան հանդիսավարն էր Հաճընցի մօրմէ սեռած՝ երիտասարդ սարկաւագ Ալեքս Կիրակոսեանը։ Ան հրաւիրեց կոչնականները որ յոտնկայս ունկնդրեն Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան քայլերգները։

Ալեքս Կիրակոսեան ապա հրաւիրեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Ատենապետ Զաւէն Քէօշկէրեանը՝ որ Բացման խօսքով հանդէս գայ։ Պարոն Քէօշկէրեան բացատրեց թէ պատրաստած էին պատշաճ յայտագիր մը, որ պիտի գործադրուէր ճաշի սպասարկութենէն ետք։ Ան ապա հրաւիրեց Արմաշ Սրբազանը, որ կատարէր ճաշի օրհնութիւնը։

Ճաշի սպասարկութենէն ետք՝ բեմ հրաւիրուեցաւ Տոքթ. Զաւէն Քէօշկէրեանը, որ ներկայացնէ օրուան բանախօս՝ Տոքթ. Վարդան Թաշճեանը։

Տոքթ. Թաշճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։ Վկայուած է տեղւոյն Ֆրանսական  Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն եւ դարձած ծանօթ մանկաբոյժ։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, ան գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած Գալիֆորնիա, ուր 1989-ին տիրացած է ընդհանուր բժշկութեան եւ վիրաբուժութեան արտօնագրի։

Տոքթ. Թաշճեան սկիզբէն եւ մօտէն առնչուած եղած է հայ բժիշկներու համաշխարհային գործունէութիւններուն եւ առ այդ՝ 2019 թուականին մասնակցած է Երեւանի մէջ կայացած՝ “Հայաստանի 5-րդ բժշկական միջազգային համագումարին”։ իսկ 2017 -ին լոյս տեսաւ իր “Բժիշկ, հիւանդ եւ դեղօրայք” գիրքը։

Տոքթ. Թաշճեան իր բանախօսութիւնը սկսաւ երգիծանքով եւ աւարտեց զայն ոգեշունչ խրատականով մը։ Ան ըսաւ որ բանախօս մը նկատած էր թէ առաջին շարքի վրայ նստած կոչնական մը քունի անցած էր։ Ուստի խնդրեց անոր քովը նստողէն որ արթնցնէ զինք։

Եւ ահա այդ կոչնականին անակնկալ պատասխանը։ “Դուն քնացուցիր, դու՛ն արթնցուր։”

Տոքթ. Թաշճեան Հաճնոյ Հերոսամարտին մասին ուշագրաւ մէջբերումներ կատարեց Գէորգ Կառվարենցէն, Սարգիս Ճէպէճիէն եւ Արշակ Չոպանեանէն, որոնցմէ եզրակացուց որ “Հաճընը ինկաւ, բայց չմեռաւ։”

Յարգելի բանախօսը դիտել տուաւ թէ Հաճնոյ Հերոսամարտը նոյնիսկ ծանօթ էր օտարներուն եւ Ֆրանսացի մտաւորականէ մը մէջբերում մը կատարեց եւ թարգմանաբար բացատրեց թէ հերոսամարտի մէջէն պիտի գայ նոր սերունդ մը։ Ան ապա որպէս ապացոյց՝ նշեց Արամ Խաչատուրեանը, Վիքթոր Համբարձումեանը եւ դեռ վերջերս Նոպելեան մրցանակ ստացող Գալիֆորնիաբնակ Դոկտ. Արտեմ Փաթափութեանը։

Իսկ որպէս եզրակացութիւն՝ միասնականութիւնը ջատագովելով, Տոքթ. Թաշճեան իր յօրինած հետեւեալ բանաստեղծութիւնը արտասանեց մեզի։

Անմիաբան՝ մենք իրարու բեռ կ՛ըլլանք։
Ուշ կամ կանուխ՝ ուրիշներուն կեռ կ՛ըլլանք։
Միաբանութեամբ՝ մենք իրարու տէր կ՛ըլլանք։
Եւ Մասիսին նման կանգուն լեռ՝ կ՛ըլլանք։

Որքան ճիշդ է Տոքթ. Թաշճեանի մատնանշումը, որ տարիներ առաջ Չարենց ալ ըսած է։ “Ով Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը՝ քո հաւաքական ուժի մէջ է։”

Գեղարուեստական յայտագիրը գործադրուեցաւ Հաճընցի մօրմէ սեռած՝ սիրուած երգիչ Դաւիթ Սամուէլեանի կատարողութեամբ, որուն երգեհոնի վրայ կ՛ընկերակցէր Արամ Լէփէճեանը։ Դաւիթ՝ իր ազգային-ազատագրական երգերով մեծապէս խնդավառեց բոլոր կոչնականները, անխտիր։

Հոս տեղին է յիշել որ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւնը հիմնուած է Փասատինայի մէջ՝ 1928 թուականին։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment