Նոյեմբեր 11-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆան Իւնը եւ Հայաստանի մէջ ՉԺՀ դեսպանութեան պաշտպանական հարցերով նորանշանակ ռազմական կցորդ, աւագ գնդապետ Ան Ցեանը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է Ան Ցեանը պաշտպանական հարցերով ռազմական կցորդի պաշտօնը ստանձնելու առոթիվ ու մաղթած է նորանոր յաջողութիւններ եւ արդիւնաշատ աշխատանք:
Հանդիպման ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը դեսպանին ներկայացուցած է ատրպէյճանական վերջին ռազմական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը:
Զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ-չինական երկկողմ յարաբերութիւնները:
Քննարկուած են պաշտպանական ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընթացքը, զարգացման եւ ընդլայնման հնարաւորութիւնները: