Ընդդիմադիր պատգամաւորները պիտի մասնակցին յաջորդ շաբաթ մեկնարկող Ազգային Ժողով հերթական նիստերուն: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ կատարած գրառման միջոցով տեղեկացուցած է «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը:
«Եկող շաբաթուայ ԱԺ նիստերին մենք մասնակցելու ենք», նշած է Թովմասեանը:
Պատգամաւորը յաւելած է, որ Ազգային Ժողովի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը, սակայն, չի նշանակեր, թէ գործող իշխանութեան դէմ պայքարը պիտի չշարունակուի: Փողոցը, այլ ձեւաչափի պայքարի միջոցներ ընդդիմադիր պատգամաւորները պիտի կիրառեն, բայց այս պահուն պիտի ըլլան նաեւ խորհրդարանին մէջ:
«Մենք խորհրդարանական լծակները մինչ այս ծառայեցրել ենք որպէս բացառապէս պայքարի գործիք եւ մենք այդ գործիքը պատրաստւում ենք ամբողջապէս օգտագործել: Մեր դիրքորոշման մէջ ոչինչ չի փոխուել:
Ես եւս մէկ անգամ վերահաստատում եմ, որ մեր ձեռքի տակ եղած ամբողջ գործիքակազմն օգտագործելու ենք այս իշխանութիւնների հեռացման համարէ», նշած է Թովմասեան:
Պատգամաւորը համոզմունք յայտնած է, որ Ազգային Ժողովին մէջ ըլլալը եւ փողոցային պայքարը միմեանց չբացառող գործընթացներ են: